Ռուսիա Մտահոգ Է Կիպրոսի Տնտեսական Գօտիին Մէջ Թուրքիոյ Գործողութիւններով
Մոսկուան մտահոգ է Կիպրոսի տնտեսական գօտիին մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններով եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` զերծ մնալու քայլերէ, որոնք կրնան մագլցումի յանգեցնել: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: Բացառապէս Կիպրոսի պատկանող տնտեսական գօտիին մէջ յայտնաբերուած են կազի հանքեր: Թուրքիան կը նկատէ, որ իրաւունք ունի շրջանի բնական հարստութիւններուն նկատմամբ: «Կը կարծենք, որ...




















