Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիայէն Եւ Եւրոպական Միութենէն Ետք. Ուաշինկթըն Խոր Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Կիպրոսի Մօտ Թրքական Պեղման Աշխատանքներուն Նկատմամբ

Յուլիս 11, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն խոր մտահոգութիւն զգալ Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի մօտ ջուրերուն մէջ իրերայաջորդ պեղման գործողութիւններուն եւ պեղման «Եաւուզ» նաւը վերջերս Քարփաս կղզիին մօտ ջուրեր ուղարկելուն նկատմամբ»:

Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտեց, որ «այս սադրիչ քայլը շրջանին մէջ լարուածութիւններ կը հրահրէ»` աւելցնելով. «Թրքական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք դադրեցնելու այդ գործողութիւնները եւ բոլոր կողմերը կը քաջալերենք ինքնազսպում ցուցաբերելու ու խուսափելու արարքներէ, որոնք շրջանին մէջ լարուածութիւնը կը բարձրացնեն»:

Կիպրոսի տնտեսական գօտիին մէջ, ուր յայտնաբերուած են կազի հանքավայրերը, կը գտնուին թրքական երկու նաւեր` «Ֆաթիհ»-ն ու «Եաւուզ»-ը: Վերջինս այդ շրջան հասած է երեքշաբթի օր, ինչ որ Յունաստանն ու Կիպրոս կը նկատեն սադրանք:

Նշենք, որ Ռուսիան մտահոգուած էր Կիպրոսի տնտեսական գօտիին մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններով եւ կողմերուն կոչ ուղղած էր` զերծ մնալու քայլերէ, որոնք կրնան մագլցումի յանգեցնել: «Կը կարծենք, որ Կիպրոսի գերիշխանութեան խախտումը չի կրնար նպաստել կիպրական խնդիրի ամուր, կենսունակ եւ արդար լուծման համար պայմաններու ստեղծման», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական Միութիւնը եւս մտահոգութիւն յայտնած էր Թուրքիոյ այդ գործողութիւններուն առնչութեամբ եւ թրքական նոր քայլերը նկատած էր ապօրինի, անընդունելի եւ մագլցողական:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Թուրքիան պիտի շարունակէ պաշտպանել կղզիի մերձակայքին մէջ թուրք կիպրացիներուն շահերը, այնքան ատեն որ յունական կողմը թուրքերը մասնակից չի դարձներ արեւելեան միջերկրականի մէջ հարստութիւններու եկամուտներու բաժնեկցութեան վերաբերեալ որոշումի մեքանիզմին»:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ Թուրքիան «Էս-400»-ները Ձեռք Բերելու Հետեւանքներէն

Յաջորդը

«Բրիտանիոյ` Իրանեան Քարիւղատար Նաւը Արգելանքի Տակ Առնելը Անհեթեթ Արարք Է Եւ Կը Վնասէ Ինքնին Բրիտանացիներուն» Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?