Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ի հարցերով նախարար Սթիվըն Պարքլի Եւրոպական Միութեան աւագ բանագնաց ՄիշԵլ Պառնիէին յայտնած է, թէ Բրիտանիան Եւրոպական Միութենէն դուրս պիտի գայ 31 հոկտեմբերին, անկախ այն բանէն, թէ կողմերը պիտի յաջողի՞ն յառաջիկայ գործակցութեան պայմաններուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, թէ՞ ոչ:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ բրիտանացի նախարարը այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ:
«Զրոյց ունեցայ Միշել Պառնիէի հետ եւ յստակօրէն ներկայացուցի մեր դիրքորոշումը: Մենք կ՛ուզենք հասնիլ գործարքի կնքման, սակայն 31 հոկտեմբերին ատոր հետ կամ առանց ատոր պիտի լքենք Եւրոպական Միութիւնը», գրած է Պարքլի:



