Մինչ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման պատճառով յառաջացած Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա ճգնաժամին պատճառով Միացեալ Նահանգներ դադրեցուցած են Թուրքիոյ 116 «Էֆ-35»-ներու մատակարարումը, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կը յայտնէ, թէ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ մատակարարած է «Պոուինկ» ընկերութեան արտադրութեան զինուորական չորս «Սի.Էյչ-47Էֆ Չինուք» բեռնատար ուղղաթիռներ:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Այսօր Իզմիրի նաւահանգիստին մէջ ամերիկեան «Պոուինկ» ընկերութեան «Սի.Էյչ-47Էֆ Չինուք» ուղղաթիռ յանձնուած է: Թուրքիան այս պահուս ունի բեռնատար ուղեբեռափոխադրող նորագոյն եւ ամէնէն զարգացած փոխադրամիջոցներէն 11 հատ»:



