Անգարա սպառազինութիւն ուղարկած է հարաւային Ուրֆա նահանգ, որ կը գտնուի Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Կը հաղորդուի, որ մասնայատուկ ուժեր փոխադրող 12 զրահապատ մեքենաներէ եւ բեռնակառքերէ բաղկացած շարասիւնը հասած է Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Ճէյլանփընար շրջան:
«Զինեալ ուժերու փոխադրութիւնը կը նկատուի Սուրիոյ սահմանին վրայ թրքական զինուորական ներկայութեան յաւելման մէկ մասը», կը նշէ «Անատոլու»: