Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն «Ֆոքս Պիզնես»-ի հետ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ 90 օրով պիտի երկարաձգեն իրանեան հիւլէական ծրագիրին առնչուած արտօնութիւնները»:
«Մենք հիւլէական աշխատանքներուն մօտէն կը հետեւինք», նշեց ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս նշեց, որ պիտի երկարաձգէ երկիրներու` 2015-ին Իրան-Վեցեակ համաձայնութեան հիմամբ Թեհրանի հետ քաղաքային հիւլէական ծրագիրին մասնակցութեան արտօնութիւնը:
Պոլթընի յայտարարութենէն քանի մը ժամ առաջ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարած էր հաստատումը Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի դէմ պատժամիջոցներու, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներու մէջ կամ ամերիկեան կառոյցներու վերահսկողութեան տակ գտնուող անոր պահ դրուած գումարներու սառեցումը:
Պոլթըն ըսաւ, թէ ամերիկեան վարչակազմը Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆը կը նկատէ Իրանի անօրինական բանբերը:
Նշենք, որ Իրանն ու Վեցեակը (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Գերմանիա) 14 յուլիս 2015-ին յայտարարած էին Իրանի հիւլէական ծրագիրի հարցով Համապարփակ եւ միացեալ աշխատանքի ծրագիրի շուրջ համաձայնութիւնը:



