Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասորի Ուղղափառ Նոր Եկեղեցին Պոլսոյ Համար Հարստութիւն Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

August 6, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր յայտարարեց, որ Պոլսոյ մէջ կառուցուելիք ասորի ուղղափառ նոր եկեղեցին քաղաքին համար պիտի ըլլայ «նոր հարստութիւն» մը: «Հիւրրիեթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է Պոլսոյ մէջ ասորի ուղղափառ Ս.Եփրեմ եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին:

Էրտողան նշեց, որ եկեղեցւոյ շինութիւնը պիտի աւարտի երկու տարիէն:

«Ինչպէս իրենց բոլոր այլ հարցերը բաւարարելը, ասորի համայնքին` մեր աշխարհագրութեան հնադարեան զաւակներուն պաշտամունքային կարիքներու բաւարարումը Թուրքիոյ Հանրապետութեան պարտականութիւնն է», ըսած է ան:

«Մենք պետութիւն մըն ենք, որ այս երկրին վրայ կ՛իշխենք մօտաւորապէս հազարամեակէ մը ի վեր, իսկ Պոլսոյ վրայ` 566 տարիներէ ի վեր: Այս երկար պատմութեան ամբողջ ընթացքին, մեր շրջանը միշտ ալ եղած է կրօնական, ազգային ու մշակութային բազմազանութեան, եւ ամէնէն կարեւորը, մարդկային խիղճի սիրտը», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:

«Թէեւ մեր շրջանին մէջ անցնող 150 տարիներուն ընթացքին բազմաթիւ խնդիրներ ու քանդում պատճառած են, մենք երբեք մեր համակեցութեան կամքին նուազագոյն տկարացում չենք արտօնած: Մեզի համար, ոեւէ մէկը, որ Թուրքիոյ նկատմամբ սէր եւ հաւատարմութիւն ունի, եւ կը նպաստէ (երկրին), առաջին կարգի քաղաքացի մըն է», նշած է Էրտողան:

«Սպանիայէն Հիւսիսային Ափրիկէ, Թուրքիոյ դարպասներն ու սրտերը միշտ բաց եղած են բոլոր ճնշուածներուն դիմաց», ըսած է ան` շեշտելով. «Մեր միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ երբեք խտրականութեան տեղ չէ եղած ու պիտի չըլլայ: Ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն իսկական թիրախը մեր հայրենիքն է, եւ զանոնք յուսախաբ ընելու լաւագոյն ձեւը մեր տարբերութիւնները մեր ամէնէն կարեւոր հարստութիւնը նկատելն է»:

 

Նախորդը

Իտալական Քաղաքի Մը Մէջ Մինչեւ 400 Եւրոյի Տուգանք` «Ոեւէ Մէկուն Կրօնը Կամ Հաւատքը» Անարգելու Համար

Յաջորդը

Գերմանիան Աւելի Քան 50 Օրէնք Փոխած Է Առանց Համաձայնութեան «Պրեքզիթ»-ի Նախապատրաստուելու Համար

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.