Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր յայտնեց.«Սուրիոյ հիւսիսը թրքական որեւէ զինուորական գործողութիւն պիտի ըլլայ անընդունելի»:
«Ուաշինկթըն արգելք պիտի հանդիսանայ Սուրիոյ մէջ միակողմանի ներխուժման, սակայն կը յուսայ Անգարայի հետ համաձայնութիւն գոյացնել», նշեց Փենթակոնի ղեկավարը:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու շուրջ ամերիկեան եւ թրքական զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին Անգարայի մէջ:
Նշենք, որ թրքական զինուորական աղբիւր մը նախապէս «Սփութնիք»-ին յայտնած էր, թէ Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին դէմ թրքական զինուորական յարձակումը կրնայ շղթայազերծուիլ Ատհայի տօնէն ետք:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին երէկ յայտարարեց, որ «Եթէ Թուրքիան այսօր հիւսիսային Սուրիոյ մէջ պէտք եղածը չկատարէ, հետագային շատ սուղ գին պիտի վճարէ», եւ սպառնաց «շուտով Եփրատի արեւելեան ափին դէմ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծել»:
Միւս կողմէ, «ՖուրաթՓոսթ» «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակեց տեսերիզ մը, որուն մէջ կ՛երեւին Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքին պատկանող շուրջ 200 բեռնակառքեր, որոնք բեռնաւորուած են գումակային սարքերով, ամէնագնաց ինքնաշարժներով եւ աղիւսէ պատնէշներով:
Անոնք Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին հետ Սիմալքա սահմանային անցքէն մուտք գործած են Սուրիա եւ հասած Գամիշլի, ապա քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններ: