Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ դրական գնահատեց Միացեալ Նահանգներուն հետ Սուրիոյ հիւսիսը անվտանգութեան գօտիի ստեղծման վերաբերող բանակցութիւնները:
«Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Գոհունակութեամբ նշմարեցինք, որ մեր գործընկերները մօտեցան մեր դիրքորոշումին: Հանդիպումները դրական էին եւ բաւական կառուցողական», ըսաւ ան:
«Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտիի եւ մեր ուժերուն գետնի վրայ տեղակայման վերաբերեալ մեր ծրագիրները ամբողջացած են», յայտնեց Աքար` աւելցնելով, որ Թուրքիա կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներուն հետ գործակցիլ, եթէ երկու կառավարութիւնները բանակցութիւններուն մէջ հասարակաց ենթահող մը գտնեն:
«Կը նախընտրենք մեր ամերիկացի դաշնակիցներուն հետ գործել: Եթէ ատիկա կարելի չէ, բազմիցս ըսած ենք, թէ պէտք եղածը պիտի ընենք», ըսաւ Աքար:
«Մենք պիտի չարտօնենք մեր հարաւային սահմաններուն մօտ ահաբեկչական միջանցք ստեղծել», աւելցուց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը:
ԱՖՓ իր կարգին հաղորդեց, որ երկու կողմերը հիւսիսային Սուրիոյ «գործողութիւններու միացեալ կեդրոն» պիտի հաստատեն:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ ամերիկեան կողմին հետ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտիի հարցին շուրջ «մօտ օրէն» համաձայնութիւն պիտի գոյանայ:
Համաձայնութիւն գոյացած է Սուրիոյ հիւսիսը ապահով անցքի մը ստեղծման եւ սուրիացի գաղթականներու անվտանգութեան գօտի վերադարձը երաշխաւորող քայլերու որդեգրման շուրջ:



