Հնդկաստանի ներքին գործոց նախարար Ամիտ Շահ խորհրդարան ներկայացուցած է Ճամբու եւ Քաշմիր նահանգի` երկրի սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած յատուկ կարգավիճակը ջնջելու մասին օրինագիծ մը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Էն.Տի.Թի.Վի.»-ին:
Մարզի յատուկ կարգավիճակը ամրագրուած է Հնդկաստանի Սահմանադրութեան 370-րդ յօդուածին մէջ: Այս յօդուածը, ի շարս այլ բաներու, կը պահանջէ տեղական ժողովին մէջ Հնդկաստանի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած օրէնքներու մեծ մասի պարտադիր վաւերացում:
Նախքան այդ, Ռամ Նաթ Քովինտ հրամանագիր ստորագրած էր նահանգի յատուկ կարգավիճակը ջնջելու մասին: Համապատասխան օրինագիծը պէտք է հաստատուի խորհրդարանին կողմէ:
Կառավարութեան առաջարկին համաձայն, Ճամու եւ Քաշմիրի վարչատարածքային բաժանումով, նահանգը պիտի դառնայ սեփական օրէնսդիր մարմինով անջատ միութենական տարածք: Կ՛ենթադրուի, որ միութենական տարածքի կարգավիճակ պիտի ստանայ նաեւ Լատախի շրջանը, որ ներկայիս վերոնշեալ նահանգի մէկ մասն է:
«Հաշուի առնելով ներքին անվտանգութեան ապահովման առնչուած իրավիճակը, որ սրած է անդրահաբեկչութեամբ` գոյութիւն ունեցող Ճամու եւ Քաշմիր նահանգներուն պէտք է տալ առանձին միութենական վարչատարածքի կարգավիճակ, որ պիտի ունենայ իր օրէնսդիր մարմինը», նշուած է Շահի անունով:
Նախորդ շաբաթ Փաքիստան Հնդկաստանը մեղադրեց` երկու երկիրներու սահմանին երկայնքով քաղաքայիններու դէմ զէնք կիրարկելու յանցանքով: Հնդկական կողմը հերքեց այդ մեղադրանքները: Գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք, ըստ փաքիստանեան կողմին, երկու քաղաքայիններ, ներառեալ 4 տարեկան տղայ մը, զոհուած են, 11 ուրիշներ վիրաւորուած են:
Փաքիստանի միջգերատեսչական հասարակութեան հետ կապերու ծառայութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է «ուշադրութիւն դարձնելու Հնդկաստանի կողմէ միջազգային օրէնքներու այս անպարկեշտ խախտումին»:
Ճամու եւ Քաշմիր նահանգը Հնդկաստանի միակ նահանգն է, ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը իսլամ է, գործող անջատողականները կը զօրակցին անկախութեան կամ Փաքիստանի միանալուն: Միեւնոյն ժամանակ, Քաշմիրի մէջ Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ պաշտօնական սահմաններ չկան. երկու պետութիւններուն բանակները իրարմէ կը բաժնէ վերահսկման գիծը:
Նիւ Տելհի փաքիստանեան իշխանութիւնները կը մեղադրէ զինեալ անջատողականներուն աջակցելու յանցանքով: Իսլամապատ կը մերժէ այդ մեղադրանքները` յայտարարելով, թէ Քաշմիրի բնակիչները ինքնուրոյն կը պայքարին իրենց իրաւունքներուն համար:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց Հնդկաստանի քայլը եւ յայտարարեց, թէ ատոր հակադարձելու համար «պիտի օգտագործենք բոլոր ընտրանքները»: