Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եմէնի Կայունութիւնը Քայքայելու Որեւէ Փորձ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Շրջանի Անվտանգութեան Սպառնալիք Կը Նկատուի» Կը Զգուշացնէ Ռիատ

Սեպտեմբեր 7, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապու Տապիէն Պահանջելով Ատենը
Վերադարձնել Հատիի Կառավարութեան

Սէուտական Արաբիան յայտնեց, որ կը շարունակէ զօրակցիլ Եմէնի մէջ նախագահ Ապտռապպօ Մանսուր Հատիի եւ կառավարութեան ղեկավարութեամբ օրինականութեան` նշելով, որ Եմէնի կայունութիւնը քայքայելու որեւէ փորձ թագաւորութեան ու շրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան սպառնալիք մը կը նկատուի:

Սէուտական պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռիատ զինուորական ճամբարներն ու պետական կեդրոնները եմէնեան կառավարութեան վերադարձնելու կարեւորութիւնը շեշտած է, ինչպէս նաեւ ամբողջովին մերժած է արձանագրուած վերջին մագլցումն ու Ատենի մէջ դէպքերու զարգացումը` ցաւ յայտնելով «եղբայրներու միջեւ սադրանքի» յառաջացման համար:

Թագաւորութիւնը կարեւոր նկատած է հակամարտող կողմերուն միջեւ անմիջապէս Ժետտայի մէջ երկխօսութիւն կատարելը եւ անընդունելի նկատած Եմէնի մէջ ուժի կիրարկումով կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքով նոր իրողութիւն ստեղծելու փորձերը:

Մինչ Հատիի կառավարութիւնը ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ հրապարակած հաղորդագրութիւնը եւ ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու սէուտական կոչին, Ատենի մէջ ցոյց տեղի ունեցաւ առ ի զօրակցութիւն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ անոնց աջակցութիւնը վայելող Հարաւային փոխանցման խորհուրդին` ընդդէմ սէուտական աջակցութիւն վայելող նախագահ Հատիի կառավարութեան:

Ցոյցին մասնակիցները բարձրացուցած էին էմիրաթական դրօշներ, ինչպէս նաեւ նախկին Հարաւային Եմէնի դրօշներ:

Յիշեցնենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու աջակցութիւնը վայելող Հարաւային փոխանցման խորհուրդի ուժերը 30 օգոստոսին ամբողջութեամբ գրաւեցին հարաւային Եմէնի մեծագոյն քաղաք Ատենը: Նախքան այդ, անոնք գրաւած էին արդէն Ապին նահանգի մայրաքաղաք Զանժիպար քաղաքը, Ժաար քաղաքը եւ «7 հոկտեմբեր» ռազմակայանը:

Հատի Սէուտական Արաբիոյ կոչ ուղղած էր կասեցնելու իր ուժերուն դէմ էմիրաթական «լկտի» յարձակումը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը օրին հաղորդած էր, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը դժգոհ է Եմէնի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու վարմունքէն, եւ դրացի երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն մէջ ճեղք մը գոյութիւն ունի:

 

Նախորդը

Թրամփ Մաքրոնին Յայտնած Է, Թէ Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Պիտի Չջնջուին

Յաջորդը

«Իրանի Հիւլէական Համաձայնութեան Յանձնառութիւններու Կրճատումը Անընդունելի Է» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?