Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աւելի Լաւ Է Ջրափոսին Մէջ Մեռած Ու Ինկած Մնամ, Քան Պրիւքսելէն Խնդրեմ Դարձեալ Յետաձգել «Պրեքզիթ»-ը» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

September 9, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտարարած է, որ ոչ մէկ պարագայի պիտի դիմէ Եւրոպական Միութեան` «Պրեքզիթ»-ի հոլովոյթի յետաձգման հարցով: Բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է Ուէյքֆիլտ քաղաքին մէջ ոստիկանութեան աշխատակիցներու առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին:

«Կը կարծեմ` անհարկի ձգձգումներու կարիք չկայ, եւ ես պիտի ընեմ կարելի ամէն բան, որպէսզի մեր երկիրը 31 հոկտեմբերին դուրս գայ Եւրոպական Միութենէն: Ցաւօք, երէկ խորհրդարանը քուէարկեց, ըստ էութեան, մեզ բանակցելու կարելիութենէն զրկելու եւ Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնութեան հասնելու կառավարութեան խնդիրը էապէս բարդացնելու օգտին», յայտնած է Բրիտանիոյ վարչապետը:

Ըստ անոր, այս իրավիճակէն դուրս գալու միակ ելքը արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելն է, հակառակ անոր որ ասիկա այն չէ, ինչ որ ինք պիտի ուզէր:

Ճոնսըն իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ աւելի լաւ է «ջրափոսին մէջ մեռած ու ինկած մնայ», քան Պրիւքսելէն խնդրէ դարձեալ յետաձգել «Պրեքզիթ»-ը:

Նշենք, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանը մերժած էր Ճոնսընի` խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները 15 հոկտեմբերին կատարելու առաջարկը:

Բրիտանիոյ վարչապետը նաեւ խօսած է իր եղբօր անակնկալ հրաժարականին մասին եւ յայտնած, որ «Պրեքզիթ»-ը իր ընտանիքին մէջ «պառակտումներ» յառաջացուցած է:

 

Նախորդը

«Պարոն Էրտողանը Պէտք Է Հեռացնել Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճումէն` Կուսակցութեան Ծրագիրէն Շեղելուն Համար» Կ՛ըսէ Թուրք Երեսփոխան Մը

Յաջորդը

Ճոնսըն Հարուած Մը Եւս Կը Ստանայ. Բրիտանիոյ Աշխատանքի Նախարարը Հրաժարեցաւ` Վարչապետին Հետ Ունեցած Տարակարծութեան Պատճառով

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.