Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Իր Քաղաքացիներուն Յորդորած Է Չմեկնիլ Թուրքիոյ Շարք Մը Նահանգներ

Սեպտեմբեր 7, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 5 սեպտեմբերին հաղորդագրութիւն հրապարակած է Թուրքիա ճամբորդել ուզող իր քաղաքացիներուն համար` զանոնք զգուշացնելով հաւանական վտանգներու մասին:

Նախարարութիւնը, մասնաւորաբար, կը յորդորէ չերթալ Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ սահմանամերձ տարածքներ` ահաբեկչութեան պատճառով` զգուշացնելով 4-րդ մակարդակի վտանգաւորութեան մասին:

Սասուն, Բիւրակն, Պիթլիս, Տիգրանակերտ, Այնթապ, Կորճայք, Ալեքսանտրէթ, Քիլիս, Մարտին, Ուրֆա, Սղերթ, Տերսիմ եւ Վան ճամբորդել ուզողներուն խորհուրդ կը տրուի վերատեսութեան ենթարկել իրենց որոշումը` զգուշացնելով 3-րդ մակարդակի վտանգաւորութեան մասին:

«Ահաբեկչական խմբաւորումները կը շարունակեն Թուրքիոյ դէմ հաւանական յարձակումներ նախապատրաստել: Ահաբեկիչները կրնան յարձակիլ չնչին կամ առանց որեւէ զգուշացման` թիրախաւորելով զբօսաշրջական վայրերը, փոխադրամիջոցային հանգոյցները, առեւտրական տարածքները, տեղական կառավարման շէնքերը, պանդոկները, ակումբները, ճաշարանները, կրօնական վայրերը, այգիները, մարզական կամ մշակութային մեծ ձեռնարկները, կրթական հաստատութիւնները, օդակայանները եւ այլ հասարակական վայրեր: Ահաբեկիչները նախապէս թիրախաւորած են նաեւ արեւմուտքցի զբօսաշրջիկները եւ վերաբնակիչները», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Կամայական ձերբակալութիւններու վերաբերեալ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Անվտանգութեան ուժերը ձերբակալած են տասնեակ հազարաւոր անձեր, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ` ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ առնչութիւն ունենալու կասկածանքով` հիմնուած ոչ բաւարար կամ գաղտնի փաստաթուղթերու վրայ, որոնք հաւանական քաղաքական շարժառիթներու վրայ հիմնուած են: Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները նաեւ ենթարկուած են ճամբորդական արգելքի, ինչ որ անոնց չէ արտօնած լքել Թուրքիան: Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ բացայայտօրէն չարտօնուած ցոյցերուն մասնակցիլը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան քննադատութիւնը` ներառեալ ընկերային ցանցերու վրայ, կրնան ձերբակալութեան պատճառ դառնալ»:

Նախորդը

Խորհրդարանի Գերկայունութիւնն Ու Դիւրաբեկութիւնը

Յաջորդը

«Ռուսիա Պատրաստ Է Եօթներու Խմբակին Հետ Երկխօսութեան» Կ՛ըսէ Փութին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?