Միջազգային

«Սուրիոյ Հիւսիսը Գործողութիւնները  Պիտի Շարունակուին, Մինչեւ Որ Տարածքը  Մաքրուի Ահաբեկիչներէն»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Սուրիոյ Հիւսիսը Գործողութիւնները Պիտի Շարունակուին, Մինչեւ Որ Տարածքը Մաքրուի Ահաբեկիչներէն» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Լոնտոնի մէջ հանդիպում ունեցած է Բրիտանիա ապրող թուրք հայրենակիցներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը: Հանդիպումին ժամանակ Էրտողան ըսած է. «Անոնք, որոնք կը կարծէին, թէ կրնան ահաբեկչութեան եւ շանթաժի միջոցով դաստիարակել Թուրքիան, իրենց նպատակին չեն հասած»: «Այսօր Թուրքիան երկիր մըն է, որ առանց որեւէ մէկուն ուղղութեամբ նայելու կ՛իրականացնէ գործողութիւններ` իր ազգային անվտանգութիւնը ապահովելու...

Թուրքիա Ընդունած Է Լեհաստանի Եւ Պալթեան  Երկիրներու Պաշտպանութեան ՕԹԱՆ-ի Ծրագիրը

Թուրքիա Ընդունած Է Լեհաստանի Եւ Պալթեան Երկիրներու Պաշտպանութեան ՕԹԱՆ-ի Ծրագիրը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Լիթուանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետայի հանդիպումէն ետք, Անգարա որոշած է ընդունիլ Լեհաստանի եւ Պալթեան երկիրներու պաշտպանութեան ուղղուած ՕԹԱՆ-ի ծրագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը: «Երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, համաձայն որուն, Թուրքիան պիտի աջակցի Պալթեան երկիրներու եւ Լեհաստանի պաշտպանութեան համար ՕԹԱՆ-ի ծրագիրին», նշուած է Լիթուանիոյ...

Թրամփ Յայտարարած Է ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովին  Իր Ունեցած Յաջողութեան Մասին

Թրամփ Յայտարարած Է ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովին Իր Ունեցած Յաջողութեան Մասին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին Միացեալ Նահանգներուն կը վերաբերէին բացառապէս յարգանքով, իսկ վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը շատ յաջող էր: Ան այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ: «Կեղծ լուրեր տարածող լրատուամիջոցները հաւանաբար ամէն բան կ՛ընեն, որպէսզի նուաստացնեն իմ Լոնտոն` ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին յաջող ուղեւորութիւնս: Ես շատ լաւ հանդիպումներ ունեցած եմ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու հետ, նոյնիսկ հասած եմ...

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Համաձայն.  Միացեալ Նահանգներու Մէջ Կը Կարծեն,  Որ Իրանը Իր Կարճ Հասողութեամբ Հրթիռները  Գաղտնի Կերպով Կը Տեղափոխէ Դրացի Իրաք

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Համաձայն. Միացեալ Նահանգներու Մէջ Կը Կարծեն, Որ Իրանը Իր Կարճ Հասողութեամբ Հրթիռները Գաղտնի Կերպով Կը Տեղափոխէ Դրացի Իրաք

Միացեալ Նահանգներու մէջ կը կարծեն, որ Իրան իր կարճ հասողութեամբ հրթիռները գաղտնի կերպով կը տեղափոխէ դրացի Իրաք, ուր արդէն երկու ամիս է` չեն դադրիր բողոքի ցոյցերն ու քաոսը: Այս մասին կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով ամերիկեան հետախուզութեան աղբիւրներուն եւ զինուորականներուն: Օրաթերթը նախապէս յայտնած էր, որ իր տրամադրութեան տակ յայտնուած են Իրանի հետախուզական արխիւներու հարիւրաւոր էջեր, որոնք «կը...

2020-ին Թուրքիան Կիպրոսի Կազի  Հանքավայրին Մէջ 5 Հորատանցք Պիտի Բանայ

2020-ին Թուրքիան Կիպրոսի Կազի Հանքավայրին Մէջ 5 Հորատանցք Պիտի Բանայ

Թուրքիան կը պատրաստուի 2020 թուականին հինգ հորատանցք բանալու Կիպրոսի մէջ, արեւելեան Միջերկրականի հանքավայրին մէջ: Ըստ «Երկիր»-ին, այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ այս մասին չորեքշաբթի օր հաղորդած է թուրք-կիպրական «Պայրաք» պատկերասփիւռի կայանը` յղում կատարելով Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան յայտարարութեան, որ կարդացուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի ժողովի ընթացքին: Կը հաղորդուի, որ Թուրքիան յառաջիկայ տարի պիտի շարունակէ այս...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Իսրայէլէն Կը Պահանջէ  Դադրեցնել Կոլանի Բարձունքներու Բռնագրաւումը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Իսրայէլէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Կոլանի Բարձունքներու Բռնագրաւումը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը որդեգրած է բանաձեւ մը, որ Իսրայէլէն կը պահանջէ լքել Կոլանի բարձունքները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Փաստաթուղթին թեր քուէարկած են 91 պետութիւններ, դէմ` 9, ձեռնպահ` 65: Բանաձեւը Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու Կոլանի սուրիական հատուածի բռնագրաւումը մինչեւ 4 յունիս 1967-ի դրութեամբ գոյութիւն ունեցող սահման: Ընդհանուր ժողովը կը յայտնէ, որ Կոլանի սուրիական հատուածը բռնագրաւելու, սեփական օրէնքներն...

Մամետեարով Յայտարարած Է Ռուսիոյ Հետ  Շուտով Կնքուելիք Նոր Զինուորական  Համաձայնագիրին Մասին

Մամետեարով Յայտարարած Է Ռուսիոյ Հետ Շուտով Կնքուելիք Նոր Զինուորական Համաձայնագիրին Մասին

Ազրպէյճանն ու Ռուսիան կը պատրաստուին սպառազինութեան գնման վերաբերեալ նոր համաձայնագիր կնքելու: Այս մասին «Քոմերսանթ» օրաթերթի լրագրողի հարցումին ի պատասխան ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով: «Կան որոշակի հետաքրքրական գաղափարներ: Գործարքը հազիւ աւարտի, լրատուամիջոցներուն տեղեկութիւններ պիտի հաղորդենք», ըսած է ան: Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մէկ օր առաջ Պաքուի մէջ անդրադարձած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ...

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու  Տունը Չինաստանի Ույղուրներուն  Աջակցող Օրինագիծ Որդեգրեց

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Չինաստանի Ույղուրներուն Աջակցող Օրինագիծ Որդեգրեց

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրած է օրինագիծ մը, որ կ՛աջակցի Չինաստանի ույղուրներուն, որոնց իրաւունքները, ամերիկեան իշխանութիւններուն համոզումով, կը խախտուին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով քուէարկութեան արդիւնքը: Օրէնք դառնալու համար օրինագիծը պէտք է որդեգրէ նաեւ Ծերակոյտը եւ ստորագրուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ. այս հոլովոյթներուն հեռանկարները առայժմ յստակ չեն: Օրինագիծը որդեգրուած է գրեթէ միաձայնութեամբ` Ներկայացուցիչներու տան...

«Թուրքիան Մտադիր Է Գնել «Էս-400»-ները`  Հակառակ Ամերիկեան Պատժամիջոցներու  Սպառնալիքին»  Կ՛ըսեն Թուրք Երեսփոխաններ

«Թուրքիան Մտադիր Է Գնել «Էս-400»-ները` Հակառակ Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Սպառնալիքին» Կ՛ըսեն Թուրք Երեսփոխաններ

Թուրքիան պիտի չհրաժարի ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգելու գնումէն եւ օգտագործումէն, նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատժամիջոցներու սահմանումին պարագային: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Իզվեսթիա»-ն` յղում կատարելով թրքական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին: Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Եունուս Էմրէի համաձայն, Թուրքիան չի կրնար սեփական անվտանգութիւնն ու պաշտպանունակութիւնը զոհել Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատժամիջոցներէն խուսափելու համար: «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կ՛ընթանայ անմիջապէս մեր...

«Սեւ Ծովու Շրջանը Աւելի Ապահով Է  Շնորհիւ ՕԹԱՆ-ին Եւ Թուրքիոյ»  Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Սեւ Ծովու Շրջանը Աւելի Ապահով Է Շնորհիւ ՕԹԱՆ-ին Եւ Թուրքիոյ» Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Վատիմ Փրիսթայքօ նշեց. «Սեւ ծովու շրջանը անվտանգութիւն կը վայելէ շնորհիւ ՕԹԱՆ-ի եւ Թուրքիոյ ներկայութեան»: Ան ՕԹԱՆ-ին կոչ ուղղեց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու Սեւ ծովու շրջանին վրայ: «Այս շրջանի բանալին կը գտնուի մեր դրացիին` Թուրքիոյ ձեռքը, եւ մենք ՕԹԱՆ-ի հետ այս առումով համակարծիք ենք: Եթէ մեր ուշադրութիւնը հարաւային Եւրոպային ու աշխարհի մնացեալ շրջաններուն պատճառով կորսնցնենք, առանձին պիտի մնանք», ըսաւ...

«Մորալես Պոլիվիոյ Մէջ  Յեղաշրջումի Մը Զոհը Դարձաւ»  Կ՛ըսէ Մեքսիքայի Նախագահը

«Մորալես Պոլիվիոյ Մէջ Յեղաշրջումի Մը Զոհը Դարձաւ» Կ՛ըսէ Մեքսիքայի Նախագահը

Մեքսիքայի նախագահ Անտրիս Մանուէլ Լոփեզ Օպրատոր յայտնեց, որ Պոլիվիոյ հրաժարեալ նախագահ Էւօ Մորալես, որ Մեքսիքայի կողմէ ապաստանի իրաւունք ստացած է, «յեղաշրջումի մը զոհը դարձաւ»: Ան Մեքսիքայի մայրաքաղաք Մեքսիքոյի կեդրոնը տասնեակ հազարաւոր համակիրներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց. «Մենք Մեքսիքայէն ամբողջ աշխարհին կը յայտնենք` այո՛ ժողովրդավարութեան, ո՛չ զինուորական հակամարտութիւններուն»: Օպրատոր իր խօսքին մէջ ներկայացուց իր նախագահութեան առաջին տարուան արդիւնքները` անդրադառնալով...

Միացեալ Նահանգներ Վաւերացուցած Են  Հիւսիսային Մակեդոնիոյ` ՕԹԱՆ-ին  Անդամակցութեան Վերաբերեալ Արձանագրութիւնը

Միացեալ Նահանգներ Վաւերացուցած Են Հիւսիսային Մակեդոնիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Վերաբերեալ Արձանագրութիւնը

Միացեալ Նահանգներ վաւերացուցած են Հիւսիսային Մակեդոնիոյ` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան վերաբերեալ արձանագրութիւնը: «Ուրախ եմ յայտնելու, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները վաւերացուցած են Հիւսիսային Մակեդոնիոյ` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան վերաբերեալ արձանագրութիւնը», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշած է, որ արձանագրութեան վաւերացումով Հիւսիսային Մակեդոնիան մէկ քայլով աւելի մօտեցած է դաշինքի 30-րդ անդամը դառնալուն: Նախապէս նշեալ արձանագրութիւնը վաւերացուցած...

Պերլին. «Թուրքիան Գիտակցաբար  Կը Համագործակցի Ահաբեկիչներու Հետ»

Պերլին. «Սուրիոյ Մէջ Ներկայիս Չկայ Ապահով Վայր Մը, Ուր Գաղթականները Կարենան Անվտանգ Վերադառնալ»

Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտնեց, որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ գոյութիւն չունի վայր մը, ուր գաղթականները կարենան անվտանգ վերադառնալ: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պատրաստած զեկուցումը կը նշէ. «Վերադարձողները, մասնաւորաբար անոնք, որոնք ծանօթ են իբրեւ ընդդիմադիրներ կամ վարչակարգը քննադատողներ, սակայն ոչ միայն անոնք, շարունակ մեկուսացման, պատիժներու եւ բռնաճնշումի կ՛ենթարկուին, եւ նոյնիսկ անոնց կեանքերուն ուղղակի սպառնալիքներ երեւան կու գան»:

ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովին  Մասնակցելու Մեկնելէ Առաջ.  «Ռուսիան Թուրքիոյ Գլխաւոր  Գործընկերներէն Մէկն Է»  Կը Յայտարարէ Էրտողան

ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովին Մասնակցելու Մեկնելէ Առաջ. «Ռուսիան Թուրքիոյ Գլխաւոր Գործընկերներէն Մէկն Է» Կը Յայտարարէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խօսած է ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մասին: «Ռուսիան Թուրքիոյ գլխաւոր գործընկերներէն մէկն է: Սակայն Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները այլընտրանք չեն միւս դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւններուն, այլ հակառակը, անոնք փոխլրացնող յարաբերութիւններ են», յայտարարած է Էրտողան: Թուրքիոյ նախագահը այս յայտարարութիւնը կատարած է Անգարայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, մեկնելէ առաջ Լոնտոն, ուր 3-4 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի հերթական վեհաժողովը: Էրտողան...

Սուրիոյ Ժողովրդավարական  Ուժերը Ամերիկեան  Ուժերու Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւելք  Վերադարձը Յայտարարեցին

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Ամերիկեան Ուժերու Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւելք Վերադարձը Յայտարարեցին

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Քինօ Ժըպրայիլ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած Միջազգային դաշինքի ուժերը վերադարձան Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք»: «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը ամբողջացուցին Սուրիոյ ժազիրա շրջանին (Հասաքէ, Գամիշլի եւ Տիրիք քաղաքներ) եւ Տէր Զօրի մէջ  Միջազգային դաշինքին հետ վերադասաւորումը, եւ կը շարունակեն միասնաբար աշխատիլ ՏԱՀԵՇ-ի թաքնուած բջիջները յայտնաբերելու», ըսաւ ան: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հոկտեմբերին ամերիկեան ուժերը...

«Վերջին Տարիներուն ՕԹԱՆ-էն  Պէտք Եղած Աջակցութիւնը Չստացանք»  Կ՛ըսէ Թուրք Պաշտօնատար Մը

«Վերջին Տարիներուն ՕԹԱՆ-էն Պէտք Եղած Աջակցութիւնը Չստացանք» Կ՛ըսէ Թուրք Պաշտօնատար Մը

Թուրքիոյ նախագահութեան տեղեկատուական բաժանմունքի ղեկավար Ֆախրէտտին Ալթուն յայտնեց. «Հիւսիսատլանտայն դաշինքը` ՕԹԱՆ-ը պէտք է հասկնայ ու ընդունի անդամ երկիրներու ազգային անվտանգութեան մտավախութիւնները եւ թեքնիք ու գործնական մակարդակի վրայ լուծումները ըստ այնմ ճշդէ: Դաշինքի հասարակաց անվտանգութիւնը կարելի է ապահովել միայն անդամներու մտավախութիւններու փարատման ճամբով»: «Թուրքիա վերջին տարիներուն ՕԹԱՆ-էն իր սպասած ուժեղ աջակցութիւնը չստացաւ, սակայն հակառակ այդ իրողութեան, Թուրքիան դաշինքի երկրորդ մեծագոյն բանակով...

«Կը Զօրակցինք Լիբանանի  Եւ Իրաքի Մէջ Ցուցարարներուն»  Կ՛ըսէ Շենքըր

«Կը Զօրակցինք Լիբանանի Եւ Իրաքի Մէջ Ցուցարարներուն» Կ՛ըսէ Շենքըր

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շենքըր «Սքայ Նիուզ»¬ին յայտնեց. «Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ ցուցարարները նոյն պահանջները ունին»` շեշտելով, որ իրենք երկու երկիրներուն մէջ կը զօրակցին ցուցարարներուն: «Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ ցուցարարները դուրս եկան իրենց կառավարութիւններուն եւ երկու երկիրներու հարցերուն իրանեան միջամտութեան դէմ», ըսաւ ան: «Իրանի դէմ պատժամիջոցները շատ ազդու էին, եւ քարիւղէն եկամուտները ամբողջովին նուազեցան»,...

«Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Մէջ Քարիւղին Հետ  Պիտի Վերաբերին Իրենց Կամքին Համաձայն»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Մէջ Քարիւղին Հետ Պիտի Վերաբերին Իրենց Կամքին Համաձայն» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ քարիւղի հանքերուն վրայ վերահսկողութիւն հաստատած են` ՏԱՀԵՇ-ը ջախջախելու նպատակով, եւ այդ քարիւղին հետ պիտի վերաբերին իրենց կամքին համաձայն: Այս մասին ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: «ՏԱՀԵՇ փորձեց պահպանել քարիւղի վրայ իր վերահսկողութիւնը, սակայն ատիկա այժմ ամբողջովին մեր վերահսկողութեան տակ է: Անկեղծօրէն, այս հարցին մէջ մենք կը վայելենք...

Արաբական Հակաթրքական Պատմական  Ֆիլմաշարը Մեծ Աղմուկ Բարձրացուցած Է

Արաբական Հակաթրքական Պատմական Ֆիլմաշարը Մեծ Աղմուկ Բարձրացուցած Է

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ գործող սէուտական «Էմ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը սկսած է սփռել «Հրէ թագաւորութիւններ» անունը կրող պատկերասփիւռի ֆիլմաշարը: «Երկիր» կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Արթիկերեճեք» կայքը: Ֆիլմաշարը կը պատմէ 16-րդ դարուն Եգիպտոսի մէջ մամլուքներու իշխանութեան վերջին շրջանի եւ շրջանին մէջ Օսմանեան տիրապետութեան տարածման մասին: «Կայսրութիւն, որ կը ղեկավարուէր արիւնոտ օրէնքով» կարգախօսով եւ 40 միլիոն տոլար պիւտճէով ֆիլմաշարի...

Միացեալ Նահանգներ Ապրանքներու Միլիառաւոր  Տուրքերով Կը Սպառնան Ֆրանսային

Միացեալ Նահանգներ Ապրանքներու Միլիառաւոր Տուրքերով Կը Սպառնան Ֆրանսային

Ֆրանսան խտրական քաղաքականութիւն կը վարէ Միացեալ Նահանգներու թուային ընկերութիւններուն դէմ, ատոր ի պատասխան Միացեալ Նահանգներ կրնան մինչեւ 100 առ հարիւրի տուրքով մինչեւ 2,4 միլիառ տոլարի տուրքեր հաստատել ֆրանսական ապրանքներու վրայ: Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու առեւտրական ներկայացուցիչի զեկուցումին մէջ: Յուլիսի կէսերուն Ֆրանսայի խորհրդարանը որդեգրած էր օրէնք` տուրքեր հաստատելու ամերիկեան մեծ թուային ընկերութիւններու դէմ, ինչպիսիք են` «Ամազոն»-ը, Դիմատետրը, «Ափըլ»-ը եւ...

Page 498 of 884 1 … 497 498 499 … 884

Արխիւներ