«Փոլիթիքօ» կայքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրամայած է վերատեսութեան ենթարկել Միացեալ Նահանգներու` Ուքրանիոյ տրամադրած հարիւրաւոր միլիոն տոլարի հասնող զինուորական օժանդակութիւններու ծրագիրը:
«Այս որոշումը տրուեցաւ մեկնելով Թրամփի` Քիեւի տրամադրուած գումարներուն ամերիկեան շահերուն ծառայելու համար լաւագոյն ձեւով ծախսուելէն վստահ ըլլալու փափաքէն», կը նշէ ամերիկեան կայքը:
«Փոլիթիքօ» կ՛աւելցնէ, թէ Թրամփի այս քայլը կատարուած է այն պահուն, երբ անոր` Ռուսիան Եօթներու խմբակ վերադարձնելու կոչը Մոսկուայի դէմ աւելի խիստ կեցուածքի որդեգրում ու «ռուսական ազդեցութեան ընդլայնումը դիմակայող» երկիրներուն աջակցութեան յաւելումը պահանջող բազմաթիւ ամերիկացի օրէնսդիրներու մօտ ընդվզում յառաջացուցած է: