Թրամփ Պատժամիջոցներու Ենթակայ Վենեզուելական Քարիւղատար Նաւերու Պաշարում Յայտարարեց
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Քարաքասի դէմ իր ճնշումի արշաւին մէջ մագլցողական նոր քայլով մը Վենեզուելայէն նաւարկող կամ այդտեղ ուղղուող պատժամիջոցներու ենթակայ քարիւղատար նաւերու պաշարում յայտարարեց։ Թրամփ նշեց. «Քարայիպեան շրջանին մէջ տեղակայուած ամերիկեան հսկայ նաւատորմիղը հետզհետէ պիտի մեծնայ, մինչեւ որ Վենեզուելան Միացեալ Նահանգներուն վերադարձնէ բոլոր քարիւղները, հողերն ու հաշիւները, որոնք նախապէս մեզմէ գողցաւ»։ «Մատուրոյի անօրինական վարչակարգը գողցուած այս քարիւղի դաշտերու...




















