Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) առնչուած լաւատեսութեան պատճառներ չկան, սակայն տակաւին ԵԱՀԿ-ի փլուզումէն խուսափելու կարելիութիւն կայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` «Ռոսիյսքայա կազեթա»-ի մէջ հրապարակած յօդուածին մէջ:
«Կ՛ընդգծեմ` լաւատեսութեան պատճառներ չկան: Փապուղիի վերջը լոյս չկայ: Սակայն գոնէ առայժմ ԵԱՀԿ-ի փլուզումէն խուսափելու կարելիութիւն կայ», նշած է Լաւրով:
Ան շեշտած է, որ ատիկա կը պահանջէ, որ կազմակերպութեան բոլոր անդամները վերադառնան Հելսինքեան սկզբունքներուն` հաւասար եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած երկխօսութեան:
Յիշեցնենք, որ 1 դեկտեմբերին ԵԱՀԿ-ը պաշտօնապէս յայտարարած է Մինսքի հոլովոյթի եւ ատոր կից կառոյցներու փակման մասին:


