Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպական Միութեան Մէջ Ռուսական Հաշիւներու Փոխհատուցման Վարկի Տեսքով Բռնագրաւման Շուրջ Համաձայնութեան Գալը Հետզհետէ Կը Դժուարանայ»

December 16, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան երկիրներուն համար ռուսական հաշիւներու «փոխհատուցման վարկ»-ի տեսքով բռնագրաւման շուրջ համաձայնութեան գալը հետզհետէ կը դժուարանայ: Սակայն ասիկա Եւրոպական յանձնաժողովին համար միակ տարբերակն է. կարելի պիտի չըլլայ համաձայնութեան գալ եւրապարտատոմսերու հրապարակման շուրջ: Այս մասին Եւրոպական Միութեան նախարարական հանդիպումին հասնելէն ետք լրագրողներուն ըսած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս:

«Այս շաբթուան աւարտին Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու վեհաժողովին ընթացքին մենք պէտք է համաձայնութեան գանք Ուքրանիոյ ֆինանսաւորման հարցին շուրջ: Ամէնէն իրատեսական տարբերակը «փոխհատուցման վարկ»-ն է: Ատիկա հետզհետէ կը դժուարանայ, սակայն մենք ատոր վրայ կ՛աշխատինք. մենք տակաւին քանի մը օր ունինք», նշած է Քալլաս:

Ան ընդգծած է, որ որովհետեւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հարցը այլեւս սեղանի վրայ չէ, Եւրոպական Միութիւնը պէտք է անվտանգութեան իսկապէս լուրջ երաշխիքներ պատրաստէ, եւ ոչ թէ պարզապէս թուղթ մը: Ատոնք պէտք է ըլլան իրական զօրքեր, իրական զինուորական կարողութիւններ:

Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ իր կարգին յայտնեց. «Եւրոպական Միութեան ղեկավարները կրկին կը փորձեն խափանել Ուքրանիոյ տագնապի լուծման բանակցութիւնները եւ մտադիր են ամբողջ Եւրոպան ներքաշել Ռուսիոյ հետ պատերազմի մէջ:

Անոր կարծիքով, այն, ինչ որ այժմ տեղի կ՛ունենայ, նոյնն է, ինչ որ տեղի ունեցած է 2022 թուականին Պոլսոյ մէջ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններէն ետք, եւ նոյնը, ինչ որ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ Ալասքայի մէջ 15 օգոստոս 2025-ին տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք:

«Եւրոպացիները, Պրիւքսելի պաշտօնատարները եւ արեւմտաեւրոպական քաղաքական գործիչները կ՛ուզեն խափանել խաղաղութեան բանակցութիւնները: Արեւմտաեւրոպական քաղաքական գործիչները այժմ գրեթէ բացայայտօրէն կը զբաղին սադրանքներով եւ կ՛ուզեն ամբողջ Եւրոպան ներքաշել Ռուսիոյ հետ պատերազմին մէջ», ըսաւ Սիարթօ:

 

 

Նախորդը

«Ուքրանիան Սեւ Խոռոչ Է, Ուր Կ՛անհետանան Միլիառաւոր Եւրոներ, Բանական Տնտեսական Մտածողութիւն Եւ Եւրոպական Միութեան Կայուն Ապագան» Կ՛ըսէ Սլովաքիոյ Վարչապետը

Յաջորդը

Միջազգային Դաշինքի Հետ Գործակցաբար ՏԱՀԵՇ-ի Բջիջներու Հետապնդման Ապահովական Արշաւ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.