Արաղչի. «Իրան Պատրաստ Է Իսրայէլի Եւ Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Որեւէ Հաւանական Յարձակումի»
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ Իրան պատրաստ է Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ որեւէ հաւանական յարձակումի, սակայն պատերազմի չի ձգտիր: Արաղչի «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Անշուշտ, չեմ հերքեր նոր յարձակումներու հաւանականութիւնը, սակայն մենք ամբողջովին պատրաստ ենք»: «Մեր պատրաստութիւնները նախկին անգամէն աւելի մեծ են, եւ ասիկա չի նշանակեր, թէ այլ պատերազմ մը կ՛ուզենք, այլ...




















