Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Այն, ինչ որ անցեալ տարի Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, ներքին հարց է, եւ Մոսկուան նոր իշխանութիւններուն հետ կայուն յարաբերութիւններ ունի»:
«Սուտ կը խօսի ան, որ կը պնդէ, Ռուսիան պիտի լքէ Իրանը, եթէ Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւէ», ըսաւ Լաւրով:
«Եւրոպան պատմութեան ընթացքին մէկէ աւելի անգամներ բոլոր չարիքներու եւ տագնապներու աղբիւր եղաւ», նշեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Լաւրով նաեւ յայտնեց. «Ուաշինկթընի հետ վերջին հաղորդակցութիւնները յոյս կը ներշնչեն, թէ ան սկսած է ուքրանական տագնապին վերաբերեալ Ռուսիոյ դիրքորոշումը հասկնալ»:


