Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոմփէօ Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Պերլինի Վեհաժողովին Շնորհիւ Լիպիոյ Քարիւղի Արդիւնահանման Կէտերը Կը Բացուին

January 21, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յոյս յայտնած է, որ Պերլինի միջազգային խորհրդաժողովին շնորհիւ կը բացուին Լիպիոյ քարիւղի արդիւնահանման կէտերը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Միացեալ Նահանգներ այնտեղ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ շահագրգռուածութիւն ունին: Բացի ատկէ, Լիպիոյ մէջ ուժանիւթի ոլորտին մէջ լուրջ կարելիութիւններ կան: Ես յոյսով եմ, որ այս խօսակցութեան իբրեւ արդիւնք երկրէն կը ջնջուին քարիւղի ուղարկման խոչընդոտները: Մենք նոյնպէս քաղաքական որոշումին կողմնակից ենք», ամերիկեան դիւանագիտութեան պետի խօսքը մէջբերած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Փոմփէօ նաեւ նշած է, որ Պերլինի մէջ կայացած հանդիպումին ժամանակ կարելի եղած է յառաջընթաց արձանագրել զինադադարի դրութեան ոլորտին մէջ:

«Յառաջընթաց արձանագրուած է ամբողջական զինադադարի դրութիւն հաստատելու, հաշտութեան եւ զօրքերու` ժամանակաւորապէս բարձր մարտական պատրաստութեան վիճակէն դուրս բերելու ոլորտներուն մէջ: Տակաւին շատ աշխատանք կը սպասուի: Այնտեղ` մարտի դաշտին մէջ դժուար իրավիճակ ստեղծուած է: Սակայն այնտեղ (Պերլինի բանակցութիւններուն) ներկայ էին նախագահ Էրտողանը, նախագահ Փութինը, վարչապետ Մերքելը, եւ անոնք բոլորն ալ պարտաւորութիւն ստանձնած են եւ ըսած, որ կը պատրաստուին կրճատելու վտանգները եւ հասնելու զինադադարի դրութեան հաստատման: Ես լաւատեսօրէն տրամադրուած եմ այն հարցին մէջ, որ բռնութիւնը պիտի նուազի եւ Լիպիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն միջեւ բանակցութիւն սկսելու կարելիութիւն պիտի ստեղծուի», աւելցուցած է արտաքին գործոց նախարարը:

Անոր համաձայն, Պերլինի մէջ կրցած են նաեւ Լիպիոյ մէջ զէնքի արգելք կիրարկելու հարցին մէջ յաջողութեան հասնիլ:

«Ես կը կարծեմ, որ մենք յառաջընթաց արձանագրած ենք, յառաջընթաց գոնէ այն հարցին մէջ, որ աւելի քիչ զէնք եւ նոր ուժեր պիտի յայտնուին շրջանին մէջ», ընդգծած է Փոմփէօ:

Լիպիոյ մեծագոյն Շարարա քարիւղի հանքը փակուած է այնտեղ աշխատող լիպիական ցեղերուն պահանջով: Փակուած է նաեւ այս հանքէն ոչ հեռու գտնուող Ֆիլ հանքը: Ատիկա տեղի ունեցած է Պերլինի մէջ Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ղեկավար Ֆայեզ Սարաժի` քարիւղի արտածումը անյապաղ վերսկսելու մասին կատարած յայտարարութիւններու լոյսին տակ:

Մայրաքաղաք Թրիփոլիէն 800 քիլոմեթր հարաւ արեւմուտք տեղակայուած երկու հանքերուն փակումով փաստացիօրէն կանգնած է Լիպիոյ ամբողջ նաւթային արդիւնաբերութիւնը:

Նախորդը

Տուտայէն Ետք Զելենսքիին Եւս Խօսք Չեն Տրամադրած Իսրայէլի Մէջ Ողջակիզումի Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Խորհրդաժողովի Ընթացքին

Յաջորդը

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Հաֆթար Պերլինի Մէջ Մերժած Է Ստորագրել Զինադադարի Մասին Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.