Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Կը Քննադատէ Կիպրոսի Ափերուն Հետախուզական Եւ Հորատման Աշխատանքները Շարունակելու Թուրքիոյ Մտադրութիւնը

January 20, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը քննադատած է Թուրքիոյ մտադրութիւնը` Կիպրոսի բացառապէս տնտեսական գօտիին մէջ հետախուզական եւ հորատման աշխատանքները սկսելու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Եւրոպայի արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատարի բանբերին:

Եւրոպական Միութիւնը այսպէս արձագանգած է թրքական իշխանութեան այն յայտարարութեան, թէ Կիպրոսի ափերուն նոր գործողութեան համար նոր նաւ ուղարկուած է:

Եւրոպական Միութենէն յայտնած են, որ անհրաժեշտ են երկխօսութեան նպաստող իրավիճակ ստեղծելու ուղղուած յստակ քայլեր:

«Շրջանին մէջ հետախուզական եւ հորատման աշխատանքները շարունակելու Թուրքիոյ մտադրութիւնը, ցաւօք, կ՛երթայ հակառակ ուղղութեամբ», կ՛ըսուի Եւրոպայի արտաքին քաղաքական ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչի յայտարարութեան մէջ, որ երէկ հրապարակուած է Պրիւքսելի մէջ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ պէտք է պահպանել միջազգային ծովային օրէնքը, բարի դրացիական յարաբերութիւններու սկզբունքը, ինչպէս նաեւ յարգել ծովափնեայ երկիրներու գերիշխանութիւնը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ երէկ հակադարձելով Եւրոպական Միութեան կողմէ հնչած քննադատութեան միութենէն պահանջեց «վերջ տալ իրականութենէն հեռու եղող, կողմնակալ եւ երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութեան»:

«Եւրոպական Միութիւնը 2003-էն ի վեր լուռ մնաց Թուրքիոյ եւ թուրք կիպրացիներու` արեւելեան Միջերկրականի մէջ իրաւունքներու բռնաբարման նկատմամբ եւ առնչակից իր բոլոր յայտարարութիւններուն մէջ չյիշեց թուրք կիպրացիները, ինչպէս նաեւ անտեսեց թուրք կիպրացիներու գոյութիւնն ու իրաւունքները», նշեց Աքսոյ:

 

Նախորդը

Եգիպտական Իշխանութիւնները Ազատ Արձակած Են «Անատոլու»-ի Աշխատակիցները

Յաջորդը

Սուրիական Բանակը Իտլիպի Գիւղական Շրջանին Մէջ Ետ Կը Մղէ Ժապհաթ Նուսրայի Բուռն Յարձակում Մը

RelatedPosts

Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
«Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Որեւէ Յարձակում  Պիտի Չշղթայազերծէ»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերի Տեղակալը
Միջազգային

«Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Որեւէ Յարձակում Պիտի Չշղթայազերծէ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերի Տեղակալը

October 22, 2026
Մոսկուա Կը Պնդէ` Ռուսիան Է  Հայաստանի Անկախութեան Երաշխաւորը
Միջազգային

Քրեմլին Կը Խօսի Չինաստանի Մէջ Փութինի, Շիի Եւ Թրամփի Միջեւ Ժողովի Գումարման Պատրաստութիւններու Մասին

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.