Հոնկ Քոնկի ոստիկանութիւնը երէկ արցունքաբեր կազ օգտագործեց` ցրուելու համար հազարաւոր ցուցարարներ, որոնք «Համայնավարութեան համաշխարհային շրջափակում» կարգախօսին տակ հաւաքուած էին քաղաքի կեդրոնը գտնուող պուրակի մը մէջ` պահանջելով ժողովրդավարական բարեփոխումներ եւ դատապարտելով համայնավարութիւնը:
Երէկ տեղի ունեցած ցոյցերը նորագոյն արարն են յունիս 2019-ին սկսած ցոյցերուն, երբ քաղաքացիներ փողոց դուրս եկան` իրենց զայրոյթը արտայայտելու կասկածելիներ Չինաստանին արտայանձնելու օրինագիծին նկատմամբ:
Այդ օրէն ետք ցոյցերուն ծիրը ընդլայնեցաւ` ներառելով ընդհանուր քուէարկութեան իրաւունքի պահանջ, ինչպէս նաեւ ցուցարարներուն նկատմամբ ոստիկանութեան վարմունքին շուրջ անկախ հետաքննութիւն, սակայն անցնող շաբաթներուն բողոքի շարժումը կորսնցուց իր ներուժին մէկ մասը:
Հոնկ Քոնկի իշխանութիւնները ցոյցերուն սկիզբէն ի վեր ձերբակալած են 7 հազար անձեր, որոնց շարքին շատեր, որոնք ամբաստանուած են անկարգութիւններ կատարելու յանցանքով, որուն համար յանցագործը կրնայ մինչեւ տասը տարի բանտարկուիլ:
Յիշեցնենք, որ Չինաստան Միացեալ Նահանգները զգուշացուցած է, թէ «խիստ փոխադարձ քայլեր» պիտի որդեգրէ, եթէ Ուաշինկթըն շարունակէ Հոնկ Քոնկի մէջ միջամտութիւն կատարել, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեց Փեքինի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը: