Եգիպտոսի իշխանութիւնները ազատ արձակած են թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան երեք աշխատակիցները, որոնք նախապէս ձերբակալուած էին Եգիպտոսի ապահովական ուժերուն կողմէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին յայտնած է «Անատոլու»-ի ընդհանուր տնօրէնը:
Անոր համաձայն, Եգիպտոսի երեք քաղաքացիներ, որոնք կ՛աշխատէին թրքական լրատու գործակալութեան տեղական գրասենեակին մէջ, 19 յունուարին ազատ արձակուած են 595 տոլար գրաւի դիմաց:
Չորրորդ աշխատակիցը, որ Թուրքիոյ քաղաքացի է, ազատ արձակուած է 16 յունուարին: Ան վերադարձած է Պոլիս:
Յիշեցնենք, որ չորեքշաբթի օր հաղորդուած էր, որ թրքական լրատու գործակալութեան աշխատակիցները ձերբակալուած են: Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութենէն յայտնած էին, որ վերջիններս կը զբաղէին բացասական եւ կեղծ տեղեկութեան հաւաքումով: