Քոնկրեսը Պենկազիի Լիպիական Ժամանակաւոր Կառավարութեան Ղեկավարը Հրաւիրեց Ուաշինկթըն
Պենկազիի մէջ լիպիական կառավարութեան բանբեր Հաթեմ Արապի յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը Լիպիոյ վարչապետ Ապտալլա Սանին պաշտօնապէս հրաւիրած է Ուաշինկթըն` լիպիական տագնապին շուրջ խորհրդակցելու համար: Արապի «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը լիպիական կառավարութեան վարչապետ Ապտալլա Սանին հրաւէր ուղղեց այցելելու Միացեալ Նահանգներ` լսելու համար Լիպիոյ տագնապին լուծման վերաբերեալ լիպիական կառավարութեան պատկերացումը»: Նշենք, որ...




















