Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Գերեվարուած Զինեալները Բացայայտած Են Ժապհաթ Նուսրայի Ստեղծման Մէջ Թուրքիոյ Դերը

February 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հալէպի շրջանին մէջ Սուրիոյ զինեալ ուժերուն կողմէ գերեվարուած զինեալները պատմած են Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորման ստեղծման մէջ Թուրքիոյ դերի մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Սուրիական բանակի եւ ահաբեկչական զինեալներու միջեւ Հալէպի մերձակայքին մէջ տեղի ունեցած մարտերուն ընթացքին գերեվարուածներուն շարքին են Սուրիոյ քաղաքացի 2 զինեալներ, որոնցմէ մէկը 1985-ին ծնած Մահմուտ Նաժըմն է, կեղծանունը` Ապու Ապտալլա, ան Թըպնին բնակավայրէն է:

Անոր համաձայն, քաղաքին մէջ սկիզբը ձեւաւորուած է աշխարհիկ ընդդիմադիր Սուրիական ազատ բանակի ջոկատը: Հետագային այս շրջանին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի ջոկատներու յայտնելուն պէս բախումներ սկսած են աշխարհիկ եւ ծայրայեղական ընդդիմադիրներու միջեւ:

Նաժըմ իր ազգականներուն հետ որոշած էր փախչիլ Թուրքիա, սակայն այդ երկրի ոստիկանութիւնը զինք կանգնեցուցած է եւ, ինչպէս ինք կը պնդէ, ստիպած միանալ Ժապհաթ Նուսրայի շարքերուն:

«Ըսին, որ եթէ ես իրենց հետ չաշխատիմ եւ չկռուիմ Ժապհաթ Նուսրայի շարքերուն մէջ, անոնք պիտի սպաննեն կամ ձերբակալեն ընտանիքս: Անոնք ինծի հարիւր տոլար աշխատավարձ տուին», պատմած է ահաբեկիչը` սուրիացիներու կողմէ հարցաքննութեան ժամանակ:

Անոր համաձայն, թուրքերը իր ազգականները ուղարկած են գաղթականներու ճամբար եւ զանոնք այդտեղ կը պահեն «գերութեան մէջ»:

«Անոնք ըսին, որ քանի ես Ժապհաթ Նուսրայի հետ կ՛աշխատիմ, ընտանիքս անվտանգութեան մէջ է», տեղեկացուցած է զինեալը` աւելցնելով, որ խմբաւորման ամբողջ ֆինանսաւորումը կու գայ Թուրքիայէն եւ Սէուտական Արաբիայէն:

Ահաբեկիչներու շարքերուն մէջ Նաժըմ ստացած էր գնդացրորդի պարտականութիւնները, եւ իբրեւ այդպիսին ան կռուած է ամբողջ Սուրիոյ տարածքին: Այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ կը կռուի Հալէպի ուղղութեամբ, ան պատասխանած է. «Մեր հրամանատարը ըսաւ, որ ատիկա քաղաքացիներուն մօտ սուրիացի եւ ռուս զինուորներուն նկատմամբ ատելութիւն պիտի յառաջացնէ»:

Երկրորդ գերին Հիւսէյն Ապտուլ Ազիզն է` Տէյր Հաֆեր քաղաքէն, կեղծանունը` Ապու Ուտէյ: Ան յայտնած է, որ իր ընտանիքին միջոցները բաւարար չէին սնունդի ապահովման համար, իսկ զինեալները կը հաւաքէին տղամարդիկը եւ գումար կը վճարէին:

«Ես արձանագրուեցայ: Յետոյ կը կռուէի տարբեր խումբերու մէջ` Ահրար Շամ, Զանքիի ջոկատ եւ այլն: Բոլոր այս խումբերը կը մտնէին Ժապհաթ Նուսրայի կազմին մէջ», պատմած է ան հարցաքննութեան ժամանակ:

Անոր համաձայն, զինեալներու կազմին մէջ այժմ կը կռուին փաքիստանեան եւ աֆղանական ջոկատներ: Ապտուլ Ազիզ յայտնեց, որ ինք գերի ինկած է, երբ իր ջոկատը կը նահանջէր դէպի Ռաշիտին-5 շրջանին մէջ գտնուող թրքական հսկողութեան կէտը:

 

Նախորդը

Թրամփ Յաղթած Է Այոուայի Հանրապետական Կուսակցութեան Պատգամաւորական Ժողովին

Յաջորդը

«Թուրքիա Կը Յարգէ Դրացի Երկիրներուն Գերիշխանութիւնը, Սակայն Պիտի Հակադարձէ Ահաբեկչութեան» Կ՛ըսէ Շենթոփ

RelatedPosts

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

September 30, 2026
Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

September 30, 2026
Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի
Միջազգային

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.