Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Մէջ Դաժանօրէն Սպաննուած Է Քատիրովի Ամէնէն Աշխուժ Ընդդիմախօսներէն Մէկը

February 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի մէջ յայտնաբերուած է Չեչենիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրովի ամէնէն աշխուժ ընդդիմախօսներէն մէկուն` պլոկըր Իմրան Ալիեւի դիակը: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն»` մանրամասնելով, որ Եւրոպայի մէջ հաստատուած այլախոհը դաժանօրէն սպաննուած է:

44 տարեկան պլոկըրին դիակը յայտնաբերուած է Լիլ քաղաքի պանդոկներէն մէկուն մէջ: Ան վիզի հատուածին մէջ դանակի բազմաթիւ հարուածներ ստացած է: Ոստիկանութիւնը տակաւին կասկածելիներու անուններ չէ հրապարակած, սակայն լաւատեղեակ աղբիւրներ տեղական լրատուամիջոցներուն յայտնած են, որ ոստիկանութիւնը լուրջ ենթադրութիւններ ունի, թէ սպանութիւնը քաղաքական դրդապատճառներ ունի:

Ալիեւ Ծերուկ Մանսուր կեղծանունին տակ երեւակայական հոլովակներ կը նկարահանէր` ծաղրելով եւ քննադատելով Չեչենիոյ ղեկավարը: Բրիտանական օրաթերթը կը նշէ, որ Քատիրովը քննադատող եւ արտաքսման մէջ ապրող չեչենները յաճախ կը յայտնուին մարդասպաններու թիրախը:

«Զայն առանձնակի դաժանութեամբ սպաննած են», յայտարարած է չեչեն ընդդիմադիր լրագրող Մուսա Թայիփով, որ մնայուն կապի մէջ եղած է Ալիեւի հետ:

«Ես որեւէ կասկած չունիմ, որ ան մահուան դատապարտուածներու ցանկին մէջ եղած է», ըսած է Եւրոպա ապաստանած պլոկըր Թումսօ Ապտուրախիմով, որուն համաձայն, ինք Քատիրովի մերձաւորներէն սպառնալիքներ ստացած է քննադատական հոլովակներու հրապարակման համար:

Պլոկըրին համաձայն, Ալիեւի մահէն առաջ իրեն տեղեկութիւն հասած է, ըստ որուն, Չեչենիայէն Եւրոպա մարդասպան ուղարկուած է: Տղամարդը սկիզբը մտածած է, որ մարդասպանը զինք սպաննելու համար չեն ուղարկած:

 

Նախորդը

Հայաստանի Նախագահն Ու Վարչապետը Քննարկեցին Ներքին Եւ Արտաքին Հարցեր

Յաջորդը

Թուրքիոյ Բնակչութիւնը Մէկ Տարուան Մէջ Աւելցած Է 1 Միլիոն 151 Հազարով

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած  Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները  Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»

October 5, 2026
Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը  Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն  Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.