Լեհաստանը կրնայ Եւրոպական Միութեան մէջ գրաւել Բրիտանիոյ տեղը: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Եացեք Զափութովիչ` ՓԱՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ Բրիտանիան 31 յունուարի երեկոյեան պաշտօնապէս լքեց Եւրոպական Միութիւնը` աւարտելով 3,5 տարի տեւած հոլովոյթը:
«Պրեքզիթ»-էն ետք սկսած է անցումային շրջանը, որ պիտի տեւէ մինչեւ դեկտեմբեր 2020: Այդ ընթացքին Լոնտոն պէտք է համաձայնութիւն գոյացնէ Եւրոպական Միութեան եւ այլ երկիրներու հետ բոլոր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ձեւաչափերու շուրջ:
«Միութիւնը աւելի փոքր պիտի ըլլայ բնակչութեան թիւի, տնտեսական ներուժի, զինուորական ուժի եւ աշխարհի վրայ ազդեցութեան տեսակէտէն: Հարցը այն է, որ ի՛նչ դեր պիտի խաղայ Լեհաստանը Բրիտանիոյ դուրս գալէն ետք», ըսած է Զափութովիչ:
Անոր կարծիքով` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` 3 փետրուարին Լեհաստան սկսող այցելութիւնը «Պրեքզիթ»-էն ետք «նոյնպէս խորհրդանշական է այն իմաստով, որ կը մատնանշէ Լեհաստանը իբրեւ պետութիւն, որ կրնայ գրաւել Բրիտանիոյ նախկին տեղը»:
«Ես կը կարծեմ, որ միութեան մէջ Լեհաստանի դերը պիտի մեծնայ, թէեւ ատիկա արդէն պիտի չըլլայ այն նոյն միութիւնը», աւելցուցած է լեհական դիւանագիտութեան պետը: