Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Զոհերուն Թիւը Հասած Է 361-ի

Փետրուար 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանի մէջ մահացու նոր «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 17.205-ի, իսկ մահացածներուն թիւը` 361-ի: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Չինաստանի առողջապահութեան հարցերով պետական յանձնախումբի հրապարակած հաղորդագրութեան:

«Չինաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 17.205-ի, 2296 մարդու վիճակը ծանր կը գնահատուի, 475 անձ դուրս եկած է հիւանդանոցներէն, մահուան դէպքերը հասած են 361-ի: Ընդհանուր առմամբ արձանագրուած է վարակման 21.558 ենթադրեալ պարագայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ կառոյցին յայտնած տեղեկութեան, միայն 2 փետրուարին Չինաստանի մէջ արձանագրուած է հիւանդութեան 2829 նոր պարագայ եւ 57 մահուան դէպք:

«Ընդհանուր առմամբ, 189.583 մարդ հաղորդակցութեան մէջ եղած են վարակուածներու հետ, անոնցմէ 152.700-ը կը գտնուին բժշկական հսկողութեան տակ», նշուած է յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ:

Չինաստանի իշխանութիւնները անյայտ տեսակի ժահրի համաճարակին մասին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հաղորդած էին 31 դեկտեմբերին: Համաճարակը սկիզբ առած է 11 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Ուհան քաղաքին մէջ:

Վերջին օրերուն ամբողջ աշխարհի վրայ մարդիկ խուճապի մատնուած են սրընթաց տարածուող մահացու «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Հիւանդներու եւ զոհերու թիւը օրէ օր կ՛աւելնայ, իսկ վարակման դէպքեր արձանագրուած են նաեւ Չինաստանէն դուրս շարք մը երկիրներու մէջ, ինչ որ ստեղծած է համաշխարհային խուճապ:

 

Նախորդը

30 Տարիէ Ի Վեր Իր Տեսակին Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով. Փոմփէօ Սուտանի Փոխանցման Խորհուրդի Նախագահը Հրաւիրած Է Ուաշինկթըն

Յաջորդը

Մարտի Կիսուն Լիպիոյ Հարցով Պերլինի Խորհրդաժողովին Մասնակից Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ժողով

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?