Սուտանի փոխանցման խորհուրդը յայտարարեց, որ խորհուրդի նախագահ Ապտելֆաթթահ Պարհան Միացեալ Նահանգներէն ստացած է Ուաշինկթըն այցելելու պաշտօնական հրաւէր մը:
Խորհուրդէն ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Պարհան նշեալ հրաւէրը ստացած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին:
Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Պարհան «մօտ օրէն» պիտի ընդառաջէ հրաւէրին:
Ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը աւելցուց, որ ամերիկեան կողմին հրաւէրը երեք տասնամեակներէ ի վեր սուտանեան կողմին յղուած առաջին հրաւէրն է:
Իշխանութենէն հեռացուած նախկին նախագահ Օմար Պաշիրի` 1989-ին երկրին ընտրուած կառավարութիւնը տապալելով իշխանութեան հասնելէն ի վեր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները լարուած էին: