Չինաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի նոր տեսակով վարակուած մարդոց թիւը հասած է աւելի քան 44.600-ի, անոնցմէ 1113-ը մահացած են, իսկ 4740-ը` բուժուած: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Չինաստանի առողջապահութեան հարցերով պետական յանձնախումբին:
Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր աւելի քան 42.600 վարակուածի, 1016 զոհի եւ 3996 ապաքինածի մասին:
Հոնկ Քոնկի մէջ արձանագրուած է վարակման 49 դէպքեր, որոնցմէ մէկը մահացած է, Մաքաուի մէջ արձանագրուած է վարակման 10 դէպքեր, որոնցմէ մէկը առողջացած է, իսկ Թայուանի մէջ վարակուած են 18 մարդիկ, որոնցմէ մէկը առողջացած է:
Վերջին օրերուն վարակակիրներու թիւը աւելցած է 2015-ով, հիւանդանոցներէն դուրս եկած են 744 հոգի, մահացած է 97-ը, ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդներուն թիւը աւելցած է 871-ով:



