Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` խօսելով 9 փետրուարին Ազրպէյճանի մէջ բացայայտ ընտրական խախտումներով ու կեղծիքներով տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին, յայտարարած է, թէ ընտրութիւնները «շատ կարեւոր էին եւ պիտի նպաստեն երկիրին մէջ կատարուող բարեփոխումներուն»:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը գրէ, թէ Ազրպէյճանի նախագահը` յիշեցնելով, որ ընտրութիւններուն մասնակցած են մրցանշային թիւով թեկնածուներ, ըսած է. «Ատիկա ցուցանիշ է ընտրութիւններուն նկատմամբ մեծ վստահութեան»:
«Մէկը կը յաղթէ, միւսը` կը պարտուի. իւրաքանչիւրը պէտք է հաշտուի իրականութեան հետ», ըսած է ան:
Նախապէս ազրպէյճանական ընդդիմադիր «Մուսաւաթ» կուսակցութիւնը հրապարակած էր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ 9 փետրուարին Ազրպէյճանի մէջ կայացած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները կայացած են ժողովրդավարական նախընտրական միջավայրի, համապատասխան իրաւական հիմքի եւ հաւասար քաղաքական պայքարի բացակայութեան պայմաններու մէջ, ուստի պահանջած է չեղեալ յայտարարել ընտրութիւններուն արդիւնքը:
«Քուէարկութեան ու քուէներու հաշուարկին զուգահեռ կատարուած են զանգուածային խախտումներով: Ազրպէյճանի խորհրդարանական ընտրութիւնները ազատ եւ արդար չեն եղած, իսկ հրապարակուած արդիւնքները չեն արտացոլացներ ժողովուրդին կամքը: Կեղծիքներու միջոցով ձեւաւորուած խորհրդարանը չի կրնար կատարել Ազրպէյճանի հանրապետութեան օրէնսդիր մարմինի լիազօրութիւնները», կ՛ըսուի ընդդիմադիր կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ:
Ազրպէյճանական ընդդիմադիր «Մէյտան.թի.վի.»-ն հրապարակած է տեսանիւթեր, որոնցմէ մէկուն մէջ կ՛երեւի, թէ ընտրողները կու գան ընտրական տեղամասեր եւ կը տեսնեն, թէ իրենց փոխարէն արդէն իսկ քուէարկած են ուրիշներ… Միւս տեսանիւթը ընտրութիւններու հսկիչներու իրաւունքներու խախտման վերաբերեալ է:



