Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատան, Ուքրանիան Եւ Երեք Այլ Երկիրներ Իրանէն Կը Պահանջեն Անյապաղ Փոխհատուցել Թեհրանի Մէջ Վար Առնուած Ուքրանական Օդանաւի Զոհերուն Հարազատներուն

February 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատայի, Աֆղանիստանի, Բրիտանիոյ, Շուէտի եւ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները Իրանէն կը պահանջեն անյապաղ փոխհատուցել Թեհրանի վերեւ թռիչք կատարած ուքրանական օդանաւի վար առնուելուն իբրեւ հետեւանք զոհուածներու հարազատներուն: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին շաբաթ օր Միւնիխի մէջ լրագրողներուն յայտնած է Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա¬Ֆիլիփ Շամփան:

«Սի.Պի.Էս» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ քանատական դիւանագիտութեան պետը ըսած է. «Մենք կը պնդենք, որ Իրանի միջազգային չափանիշներուն համապատասխան արագ փոխհատուցում տրամադրէ զոհուածներու ընտանիքներուն»:

Նախարարին համաձայն, փոխհատուցման չափը պէտք է բոլորին հաւասար ըլլայ: Իսկ տրամադրման հոլովոյթը պէտք է սկսի «որքան կարելի է արագ»:

«Մենք Իրանը պիտի դատենք իր գործերուն, եւ ոչ թէ յայտարարութիւններուն համապատասխան», ընդգծած է նախարարը:

Շամփան աւելցուցած է, որ Միւնիխի անվտանգութեան խորհուրդի խորհրդաժողովի ընթացքին վերոնշեալ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում ունեցած են Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի եւ անոր փոխանցած այդ պահանջները:

Յիշեցնենք, որ ուքրանական «Պոյինկ 737-800» ճամբորդատար օդանաւը 8 յունուարին Թեհրանի օդակայանէն թռիչք կատարելէ անմիջապէս ետք վար առնուած էր: Ըստ պաշտօնական տուեալներուն, արկածին իբրեւ հետեւանք մահացած է 176 անձ` Իրանի, Ուքրանիոյ, Քանատայի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Շուէտի եւ Աֆղանիստանի քաղաքացիներ:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին «Թուիթըր» ընկերային ցանցի վրայ աւելի ուշ յայտնած էր. «Զինեալ ուժերու ներքին հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկած է, որ, ցաւօք, մարդկային սխալի պատճառով արձակուած հրթիռները պատճառ դարձած են ուքրանական օդանաւի սարսափելի աղէտին եւ 176 անմեղ մարդոց մահուան»:

 

Նախորդը

Չինաստանի Մէջ Մտադիր Են Մահապատիժի Դատապարտել «Քորոնա» Ժահրի Ախտանիշները Թաքցնողները

Յաջորդը

Ուքրանիան, Վրաստանն Ու Մոլտովան Եւրոպական Միութենէն Ելեւմտական Օգնութիւն Խնդրած Են

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Դէմ Պատերազմը Ուաշինկթընի  Համար Հերթական Ձգձգուող  Հակամարտութիւն Պիտի Չդառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Դէմ Պատերազմը Ուաշինկթընի Համար Հերթական Ձգձգուող Հակամարտութիւն Պիտի Չդառնայ»

November 18, 2026
Թրամփ. «Հաւանաբար Չինաստանի Մէջ  Հանդիպինք Քիմ Եոնկ Ունի Հետ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հաւանաբար Չինաստանի Մէջ Հանդիպինք Քիմ Եոնկ Ունի Հետ»

November 18, 2026
Արաղչի. «Կացութեան Դիւանագիտութեան Ճամբով  Լուծման Յանձնառու Մնացինք, Սակայն Ուաշինկթըն  Յարձակումի Եւ Սպառնալիքի Ուղին Ընտրեց»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Կացութեան Դիւանագիտութեան Ճամբով Լուծման Յանձնառու Մնացինք, Սակայն Ուաշինկթըն Յարձակումի Եւ Սպառնալիքի Ուղին Ընտրեց»

November 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.