Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Համփշայրի Մէջ Դեմոկրատական Կուսակցութեան Նախնական Ընտրութեան Յաղթականը Սանտըրսն Է

February 13, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նիւ Համփշայրի մէջ դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահական թեկնածուի ճշդման նախնական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրեց ծերակուտական Պըռնի Սանտըրս:

Քուէներու շուրջ 90 առ հարիւրի հաշուարկէն ետք, Դեմոկրատական կուսակցութեան մէջ յառաջդիմական թեւի ղեկավար Սանտըրս ապահոված է քուէներուն 26 առ հարիւրը, իսկ անոր անմիջական մրցակից, Ինտիանա նահանգի Սաութ-Հենտ քաղաքի նախկին քաղաքապետ Փիթ Պութեճիճ ապահոված է քուէներուն 24,3 առ հարիւրը:

Երրորդ դիրքը գրաւած է Մինեսոթայէն ծերակուտական Էմի Քլոպուշարը` ապահովելով քուէներուն 19,9 առ հարիւրը, իսկ չորրորդ դիրքը` Մասաչուսեցէն ծերակուտական Էլիզապեթ Ուորընը` 9,4 առ հարիւրով:

Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն, որ ամիսներ շարունակ կը նկատուէր դեմոկրատականներու նախընտրական արշաւի առաջատարը, առայժմ հինգերորդ դիրքի վրայ է` 8,4 առ հարիւրով:

Նշենք, որ նախնական ընտրութիւններուն կ՛ընտրուին այն պատուիրակները, որոնք Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններու յառաջիկայ ազգային ընդհանուր ժողովներուն մէջ պիտի պաշտպանեն կուսակցութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածու առաջնորդուելիք այս կամ այն թեկնածուն:

Դեմոկրատական կուսակցութենէն ձեռնարկատէր Էնտրիւ Եանկ հրաժարեցաւ ընտրարշաւէն` յայտարարելով. «Կը դադրեցնեմ իմ նախագահական ընտրարշաւս»:

Անոր խօսքով` հասկնալի դարձած է, որ ինք ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակ պիտի չարձանագրէ: Այսպիսով նախագահական ընտրարշաւին մասնակիցներուն թիւը կը դառնայ տասը:

Յիշեցնենք, որ Դեմոկրատական կուսակցութենէն Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու Փիթ Պաթիճիճ ոչ մեծ առաւելութեամբ յաղթած էր Այոուա նահանգին մէջ կայացած նախնական ընտրութեան:

Ան ապահոված էր քուէներուն 26,2 առ հարիւրը: Անոր գլխաւոր մրցակից ծերակուտական Պըռնի Սանտըրս ապահոված էր քուէներուն 26,1 առ հարիւրը, ծերակուտական Էլիզապեթ Ուորըն` 18 առ հարիւրը, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն` 15,8 առ հարիւրը: Հնգեակը եզրափակած էր ծերակուտական Էմի Քլոպուչարը` 12,3 առ հարիւրով:

«Հոյակապ նորութիւններ են», ըսած էր Պաթիճիճ «Սի.Էն.Էն.»-ին: Ան շնորհաւորած էր Սանտըրսը եւ անոր կողմնակիցները:

Քուէարկութիւնը տեղի ունեցած էր 3 փետրուարին, սակայն թեքնիք խանգարումներու եւ տուեալներու հաւաստիութեան ստուգումներու պատճառով քուէներու հաշւումը ձգձգուած էր:

Միացեալ Նահանգներու լրատուամիջոցները կը նշեն, թէ առաջին նախնական ընտրութիւնները աւանդաբար առանցքային դեր կը խաղան կուսակցութեան թեկնածուի յաւակնորդներու պայքարին մէջ, թէեւ անոնց համար հետագայ պայքարին մէջ որոշիչ յաջողութիւն չեն երաշխաւորեր:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը նախատեսուած է 3 նոյեմբերին:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Ոստիկանութիւնը Բռնի Կերպով Ցրուած Է Երեսփոխանական Թեկնածուներու Բողոքի Ցոյցը

Յաջորդը

Էրտողան. «Ամէն Բան Պիտի Ընենք Սուրիական Վարչակարգը Իտլիպի Մէջ Մեր Հսկողութեան Կէտերուն Ետին Հեռացնելու»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.