Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանի Մէջ Մտադիր Են Մահապատիժի Դատապարտել «Քորոնա» Ժահրի Ախտանիշները Թաքցնողները

February 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանի իշխանութիւնները մտադիր են մահապատիժ կիրարկել «ԳՕՎԻՏ¬2019» նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալու փաստը կամ ալ վարակակիրի առողջական վիճակի վերաբերեալ տուեալներ թաքցնողներուն հաշուոյն: «Տէօչէ Վելէ»¬ի կայքը կը նշէ, որ այս մասին կ՛ըսուի Չինաստանի դատարանի մը յայտարարութեան մէջ:

Բացի այս, քրէական պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուին բոլոր անոնք, որոնք պիտի թաքցնեն իրենց ուղեւորութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւնները: Վարակի աղբիւր դարձած ու ատոր տարածման պատճառ եղած անձը պիտի մեղադրուի հանրային անվտանգութեան համար սպառնալիք ստեղծելու յանցանքով: Ան տասնամեայ կամ ցկեանս բանտարկութեան, եւ կամ ալ մահապատիժի կրնայ դատապարտուիլ:

Չինաստանի իշխանութիւնները արգիլած են հազ, ջերմութիւն եւ վարակի միւս ախտանշանները ունեցող բնակիչներուն տեղաշարժիլ երկիրի տարածքին` փոխադրակառք, գնացք կամ օդանաւ նստիլ: Համաճարակի օճախներէն վերադարձող բնակիչները պէտք է երկու շաբաթ բժիշկներու հսկողութեան տակ մնան, իսկ հրաժարողները պիտի պատժուին:

Մինչ այդ` «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Չինաստանի առողջապահութեան հարցերով պետական յանձնախումբի ներկայացուցիչը յայտնած է, թէ Չինաստանի ամբողջ տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած ծանր հիւանդներուն թիւը երեք շաբթուան մէջ կրճատուած է` հիւանդներու ընդհանուր թիւի 15,9 առ հարիւրէն հասնելով` 7,2 առ հարիւրի, ինչ որ ցոյց կու տայ հիւանդութեան դէմ պայքարին ուղղուած ջանքերու արդիւնաւէտութիւնը:

Առողջապահութեան հարցերով պետական յանձնախումբի ներկայացուցիչը ընդգծած է, թէ փոփոխութիւնը կը վկայէ այն մասին,որ հիւանդութեան կանխարգիլման եւ ատոր դէմ պայքարին ուղղուած ջանքերը արդէն արդիւնք կու տան:

Մինչեւ օրս «Քորոնա» ժահրէն մահացածներու թիւը հասած է 1665¬ի, հիւանդներունը գերազանցած է 68.500¬ը:

 

Նախորդը

Խմբագրական . Սուրիոյ Խորհրդարանի Ճանաչումը. Պատմական Ենթահող Եւ Քաղաքական Պահ

Յաջորդը

Քանատան, Ուքրանիան Եւ Երեք Այլ Երկիրներ Իրանէն Կը Պահանջեն Անյապաղ Փոխհատուցել Թեհրանի Մէջ Վար Առնուած Ուքրանական Օդանաւի Զոհերուն Հարազատներուն

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.