
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան վեհաժողովէն ետք յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահին հետ երկխօսութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ։
«Յառաջիկայ շաբաթներուն պէտք է եւրոպացիներուն հետ պատշաճ ծիրին մէջ կարելիութիւններն ու միջոցները գտնենք Ռուսիոյ հետ անգամ մը եւս ամբողջական ու թափանցիկ երկխօսութիւն կատարելու», յայտարարեց Մաքրոն։
«Կը կարծեմ, որ մենք՝ եւրոպացիներս եւ ուքրանացիներս պէտք է գտնենք այս քննարկումները պատշաճ կերպով վերսկսելու ձեւաչափը։ Հակառակ պարագային, մենք մեզի հետ բանակցողներուն հետ պիտի քննարկենք, թէ որո՛նք առանձին բանակցութիւններ պիտի վարեն ռուսական կողմին հետ, ինչ որ լաւագոյնը չէ», ըսաւ ան։
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախապէս յայտարարած էր, որ յոյս ունի, որ Եւրոպան պիտի վերադառնայ Մոսկուայի հետ երկխօսութեան ուղիին։ Ռուսիոյ ղեկավարը նշած էր, որ հակառակ որ ատիկա եւրոպական ներկայի վերնախաւի օրով քիչ հաւանական է, սակայն ատիկա անխուսափելի է անոնց փոխարինումէն ետք եւ Ռուսիոյ դիրքերու ամրապնդման զուգահեռ։
Նախքան այդ, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները հինգշաբթի-ուրբաթ գիշեր Պրիւքսելի մէջ իրենց վեհաժողովի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած են յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին Ուքրանիոյ 90 միլիառ տոլար արժողութեամբ աջակցութիւն տրամադրելու։
Եւրոպական վեհաժողովի մասնակիցները, սակայն, չկրցան համաձայնութիւն գոյացնել Քիեւին «փոխհատուցման վարկ»-ի անուան տակ սառեցուած ռուսական հաշիւներու գրաւման շուրջ։
Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրետրիխ Մերց յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին 90 միլիառ եւրօ տրամադրելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելով Ռուսիոյ նախագահին «յստակ պատգամ մը» յղեց։
«Ասիկա Եւրոպայէն Փութինին կը յղէ յստակ պատգամ մը, թէ այս պատերազմը անօգուտ պիտի ըլլայ», նշեց Մերց։


