Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նշեց. «Իսրայէլ բուռն կերպով կ´ընդդիմանայ Կազայի մէջ կայունութեան ուժին Թուրքիոյ մասնակցութիւնը, Անգարայի իր գործընկերներուն հետ ունեցած առանցքային դերակատարութեան գիտակցելուն պատճառով»։«Իսրայէլ առնչակից միակ ազդու կողմը չէ, որովհետեւ գոյութիւն ունի առնչակից այլ կողմեր եւս, եւ մենք անոնց հետ կապի մէջ ենք։ Թել Աւիւի դիրքորոշումը այս առնչութեամբ որոշումը չի վճռեր», ընդգծեց թրքական դիւանագիտութեան պետը։
«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սկիզբէն հաստատեց, որ Թուրքիան ամբողջովին պատրաստ է խաղաղութեան հոլովոյթին անհրաժեշտ ամէն բան տրամադրելու եւ նպաստելու Կազայի մէջ մարդասիրական, զինուորական, ապահովական, թեքնիք եւ ենթակառուցային ոլորտներուն», ըսաւ ան։
«Թուրքիոյ համար առաջնահերթութիւնը Կազայի մէջ գետնի վրայ կարիքներու ճշդումն է, եւ այն հարցը, թէ այդ մէկը ով պիտի գործադրէ երկրորդական է։ Եթէ մեզմէ մէկ ուրիշը գայ, եւ Կազայի մէջ յանուն մարդասիրութեան եւ մարդկային արժէքներու մեր ըրածը ընէ, ապա խնդիր չունինք։ Սակայն եթէ մեր օգնութիւնը խիստ պահանջուած է, ապա մենք ամբողջովին պատրաստ ենք նպաստելու», յայտնեց Ֆիտան։
«Էրտողանի սեպտեմբերին Նիւ Եորք քաղաքի մէջ իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումը, զինադադարի ուղղութեամբ շրջադարձային կէտ էր», ըսաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ շեշտելով. «Իսրայէլ շարունակ կը խախտէ Կազայի մէջ յայտարարուած զինադադարը, եւ Միացեալ Նահանգներ կը գիտակցին այս կացութեան վտանգաւորութեան»։


