Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ Իրան պատրաստ է Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ որեւէ հաւանական յարձակումի, սակայն պատերազմի չի ձգտիր:
Արաղչի «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Անշուշտ, չեմ հերքեր նոր յարձակումներու հաւանականութիւնը, սակայն մենք ամբողջովին պատրաստ ենք»:
«Մեր պատրաստութիւնները նախկին անգամէն աւելի մեծ են, եւ ասիկա չի նշանակեր, թէ այլ պատերազմ մը կ՛ուզենք, այլ նոր պատերազմ ծագելէն առաջ է: Պատերազմը արգիլելու լաւագոյն ձեւը անոր պատրաստուիլն է, եւ մենք ամբողջովին պատրաստ ենք», յայտնեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
«Վերաշինեցինք անցեալ պատերազմի ընթացքին բոլոր վնասուած բաները, եւ եթէ այս ցաւալի փորձը կ՛ուզեն կրկնել, թող կրկնեն, սակայն աւելի լաւ արդիւնք ձեռք պիտի չբերեն», նշեց Արաղչի:


