Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ:
Երկու կողմերը քննարկեցին 5 մարտին գոյացած ռուս-թրքական համաձայնութիւնն ու ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ այդ համաձայնութեան շարունակուող խախտումները:
Քննարկումը կեդրոնացաւ ահաբեկիչները Հալէպ-Լաթաքիա միջազգային մայրուղիէն` «Էմ-4»-էն ահաբեկիչներուն 6 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ հեռացումը ընդգրկող այդ համաձայնութեան գործադրութեան գործիքակազմերուն վրայ:
Սուրիոյ նախագահն ու Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը անդրադարձան Ճեզիրէ շրջանին մէջ տիրող կացութեան եւ «սուրիական քարիւղին ու հարստութեան ամերիկեան բռնագրաւման շարունակման, ինչպէս նաեւ այն քայլերուն, որոնք պէտք է սուրիական պետութիւնը առնէ` վերականգնելու համար Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը»:
Անոնք քննարկեցին նաեւ այն ջանքերը, որոնք ռուսական ղեկավարութիւնը շրջանային ու միջազգային մակարդակի վրայ կը թափէ` քանդելու համար Սուրիոյ պաշարումը եւ ջնջելու համար պատժամիոցներն ու սուրիացի ժողովուրդի մեկուսացումը:
Ասատ եւ Շոյկու համաձայնութիւն գոյացուցին յառաջիկային որդեգրուելիք հասարակաց քաղաքականութիւններուն ու առնուելիք քայլերուն շուրջ: