Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Պաշշար Ասատի հետ, հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը:
Նշուեցաւ, որ երկու նախագահները քննարկած են 5 մարտին Իտլիպի մէջ կայունութեան հաստատման շուրջ գոյացած ռուս¬թրքական համաձայնութեան գործադրութիւնը: Անոնք նաեւ քննարկած են սուրիական սահմանադրական յանձնախումբի ծիրին մէջ քաղաքական հոլովոյթը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ յատկացուելիք մարդասիրական օժանդակութեան հարցեր:
Ռուսիոյ նախագահը շնորհաւորած է նախագահ Ասատը Իսրա եւ Միհրաժ տօնին առթիւ:
Նշենք, որ Փութին նախապէս հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Ասատը տեղեակ պահած էր ռուս¬թրքական վերջին վեհաժողովի արդիւնքներուն մասին:
Ասատ իր երախտապարտութիւնը յայտնած էր Փութինին` Սուրիոյ գերիշխանութեան երաշխաւորման ջանքերուն եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարին համար:
Սուրիոյ նախագահը նաեւ բարձր գնահատած էր Իտլիպի շուրջ ռուս¬թրքական համաձայնութիւնը: