Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խամենէի Իրանեան Նոր Տարին Կը Կոչէ «Արտադրութեան Ոստում»-ի Տարի

March 21, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի նովրուզի նոր տարին կոչեց «արտադրութեան ոստում»` աւելցնելով, որ «հարկ է արտադրութիւնը աւելցնել տասնապատիկներով` այնպիսի ձեւով մը, որ պիտի ազդէ մարդոց կեանքի պայմաններուն վրայ»:

Նովրուզի առիթով Խամենէի իրանցիներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Արտադրութեան տնտեսութեան մէջ դերակատարութիւնը իւրայատուկ է եւ պէտք է զայն ամրապնդել, տեղական եւ արտաքին շուկային մէջ ներդրում կատարել` վերջ տալու համար տնտեսական խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցները ի շահ երկրին ծառայեցնելու»:

Ըստ անոր` պատժամիջոցները իրենց վնասներուն կողքին օգուտներ ալ ունին: «Անոնք մեզ կը մղեն մեր ներքին կարիքները ապահովելու, եւ ատիկա շատ լաւ առիթ մըն է», յայտնեց հոգեւոր պետը:

Ինչ կը վերաբերի անցնող տարուան, սայետ Խամենէի ըսաւ, որ «փոթորկոտ տարի մըն էր, որովհետեւ ատոր ընթացքին բազմաթիւ դէպքեր տեղի ունեցան` սկսելով ողողումէն, «Քորոնա»¬էն, անցնելով պատժամիջոցներուն ու երկրաշարժին, հասնելով ահաբեկչական ոճիրին գագաթնակէտին` Միացեալ Նահանգներուն կողմէ զօր. Սիւլէյմանիի ահաբեկման»:

Խամենէի իրանցի ժողովուրդին կոչ ուղղեց. «Ինչպէս ամբողջ այս երկար տարիներուն տարբեր դէպքեր դիմագրաւեցիք քաջութեամբ ու բարձր բարոյականով, ասկէ ետք ալ բարձր բարոյականով, յոյսով եւ լաւատեսութեամբ դիմակայեցէք ամէն ինչ, եւ վստահ եղէք, որ դառնութիւններ պիտի չքանան եւ անկասկած, որ յաջողութիւնը կը սպասէ իրանցի ժողովուրդին»:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին յայտնեց. «Նոր տարուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ մեծ ծրագիրներու բացում, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան աշխուժացում պիտի արձանագրուի, եւ աշխարհի հետ մեր տնտեսական յարաբերութիւնները պիտի զարգանան, ինչպէս նաեւ` դրացի երկիրներուն հետ մեր կապերը»:

 

 

Նախորդը

Իրան Միջազգային Ընտանիքէն Խնդրած Է Միացեալ Նահանգներէն Պահանջել Ջնջել Իրեն Դէմ Պատժամիջոցները

Յաջորդը

Ինչպէ՞ս Դիմագրաւենք Այս Համաճարակը

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.