Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Կը Յայտարարէ, Որ «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով «Քիչ Մը Բարկացած» Է Չինաստանէն

March 24, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով «քիչ մը բարկացած» է Չինաստանէն: Այս մասին կը գրէ «Տը Սթրէյց Թայմզ» օրաթերթը:

«Որքան ալ յարգեմ Չինաստանն ու նախագահ Սի Ձինփինը, անկեղծ ըսելով, քիչ մը բարկացած եմ Չինաստանէն», ըսած է Թրամփ` Սպիտակ տան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Անոնք պէտք է այդ մասին տեղեակ պահէին մեզ», աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը` նկատի ունենալով Չինաստանի մէջ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի համաճարակի սկզբնական փուլը:

Բացի ատկէ, Թրամփ «Քորոնա» ժահրը կոչած է «չինական ժահր», թէեւ նախապէս այդ ձեւակերպումը քննադատուած էր Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ, ուր նշած են, որ վարակը «ազգային սահմաններ չի ճանչնար եւ պէտք չէ նոյնացուի այս կամ այն երկրին հետ»:

Թրամփ նաեւ քննադատած է Չինաստանը մերժելուն համար ամերիկեան օգնութիւնը, որ անոր համաձայն «ազգային հպարտութեան դրսեւորում է»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նախապէս Չինաստանի իշխանութիւնները մեղադրած էր «Քորոնա» ժահրի բռնկման մասին միջազգային ընտանիքին ժամանակին չտեղեկացնելու համար` նշելով, որ «աշխարհը մեծ գին կը վճարէ» ատոր պատճառով:

Թրամփի վարչակազմի ազգային անվտանգութեան խորհուրդը «Թուիթըր»-ի վրայ քննադատած էր չինական իշխանութիւննները` զանոնք փաստացի մեղադրելով համաճարակի բռնկման, բժիշկներու եւ լրագրողներու` այդ մասին հասարակութեան յայտնելու բոլոր փորձերը ճնշելու եւ վտանգաւոր վարակի մասին տուեալները թաքցնելու համար:

Նախորդը

«Քորոնա»-էն Անդին

Յաջորդը

Իրան Կը Մերժէ Միացեալ Նահանգներու Օգնութեան Առաջարկը. «Իրանին Եւ Հիւսիսային Քորէային Օգնելու Միացեալ Նահանգներու Պատրաստակամութիւնը Ի Զօրու Է», Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.