Երէկ ասիական շուկային մէջ քարիւղի գիները գահավիժեցան` ելեւմտական այլ շուկաներու անկումներուն եւ շաբաթավերջին նոր «Քորոնա» ժահրի տագնապի վատթարացման լոյսին տակ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Արեւմտեան Թեքսասի հում քարիւղի գինը նուազեցաւ 5,3 առ հարիւրով եւ անոր տակառին գինը հասաւ 20 տոլարի:
«Պրենթ» քարիւղի գինը իր կարգին նուազեցաւ 6,5 առ հարիւրով եւ անոր գինը 2003¬էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հասաւ 23 տոլարի:
Գիներու այս անկումը տեղի ունեցաւ, մինչ աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրի մահացողներուն թիւը հասաւ աւելի քան երեսուն հազարի, որուն մեծամասնութիւնը Իտալիոյ եւ Սպանիոյ մէջ են, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ վարակումներուն թիւն է, որ ոստում կ՛արձանագրէ:
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ քարիւղի շուկաներու անկումը սկսաւ շաբաթներ առաջ, երբ աշխարհի տարածքին կառավարութիւններ ճամբորդութեան վրայ արգելքներ եւ ընկերային մեկուսացման քայլեր հաստատեցին` վերահսկողութեան տակ առնելու համար «Քորոնա»¬ի տարածումը, ինչպէս նաեւ քարիւղի գլխաւոր արտադրողներ` ինչպէս Սէուտական Արաբիան ու Ռուսիան, գիներու պատերազմ կը մղեն, ինչ որ պատճառ դարձաւ պահեստներու աճի, ուստի եւ` գիներու անկումի: