Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի եւ այլ պետութիւններու հետ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի «կարեւոր նախաձեռնութիւն մը» կը պատրաստէ:
Մաքրոն Թրամփի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Տանըլտ Թրամփի հետ լաւ քննարկում մը: Այլ պետութիւններու հետ յառաջիկայ օրերուն համար կը պատրաստենք «ՔՈՎԻՏ-19»-ի դէմ պայքարի նոր լուրջ նախաձեռնութիւն մը»: