Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա» Ժահրը Քննութեան Առարկայ Կը Դարձնէ Եւրոպական Միութեան Հաւաստիութիւնն Ու Օգուտը» Կ՛ըսէ Ֆրանսացի Նախարար Մը

Մարտ 30, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի եւրոպական հարցերով նախարար Ամելի տը Մոնշալան երէկ «Ֆրանս Էնթեր» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այն, թէ Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՛ս կը հակազդէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին, պիտի ճշդէ անոր ապագայ հաւաստիութիւնը:

«Եթէ Եւրոպան միայն պարզապէս շուկայ մըն է, երբ ժամանակները լաւ են, ապա անիկա անիմաստ է», ըսաւ ան:

Տը Մոնշալան յայտնեց, որ Գերմանիոյ եւ Նետերլանտներու մէջ վերստին տնտեսական վերելք պիտի չարձանագրուի, եթէ Եւրոպայի մնացեալը կը մնայ հիւանդ:

«Քորոնա» ժահրը Եւրոպայի համար գոյութենական հարցումներ ստեղծեց», աւելցուց նախարարը:

Նշենք, որ անցեալ հինգշաբթի տեղի ունեցած Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի ընթացքին Գերմանիան ու Նետերլանտները ուժեղ կերպով ընդդիմացան Իտալիոյ, Սպանիոյ, Փորթուգալի եւ Ֆրանսայի տնտեսութեան խթանումը ֆինանսաւորելու համար միացեալ պարտատոմսեր հրապարակելու նախաձեռնութեան: Բուռն բանավէճեր արձանագրուեցան նաեւ բժշկական սարքերու եւ սահմաններու հսկողութեան հարցերուն շուրջ:

Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրց իր զայրոյթը արտայայտեց Եւրոպական Միութեան մէջ տիրող երկակի չափանիշներուն նկատմամբ, երբ Գերմանիայէն դիմակներու ապահովումը դանդաղեցաւ, իսկ այլ երկիրներ քննադատեցին Վիեննայի կողմէ Իտալիոյ հետ սահմանի հսկողութեան հաստատումը:

«Տագնապի աւարտէն ետք, Եւրոպական Միութեան մէջ դժուար քննարկումներ պիտի ըլլան», «Քրոնեն Ցայթունկ» օրաթերթին ըսաւ Քուրց:

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Բոլոր Տեսակի Պատերազմները Եւ Իբրեւ Մարդկային Մէկ Ընտանիք Միաւորուելու «Քորոնա» Ժահրին Դէմ

Յաջորդը

Իտալիոյ Վարչապետը Կը Զգուշացնէ Եւրոպական Միութեան Գոյութեան Իմաստի Կորուստէն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?