Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ընկերային Մեկուսացում»-ը Երկարաձգելով Մինչեւ 30 Ապրիլ. Թրամփ Հաւանական Կը Նկատէ, Որ Յառաջիկայ Երկու Շաբաթներուն «Քորոնա»-ով Մահացողներուն Թիւի Համեմատութիւնը Հասնի Իր Գագաթնակէտին

Մարտ 31, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաւանական նկատեց, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացողներուն թիւի համեմատութիւնը հասնի իր գագաթնակէտին:

Ան Սպիտակ տան մէջ տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Թրամփ նշեց, որ «ընկերային մեկուսացման» վերաբերեալ կառավարութեան ցուցմունքները պիտի երկարաձգուին մինչեւ 30 ապրիլ` ժահրին տարածումը դանդաղեցնելու համար: Ան նաեւ  նախատեսեց, որ երկիրը 1 յունիսին սկսի «դէպի առողջացում» ուղղուիլ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ նշեց, որ այսօր «Քորոնա» ժահրին դէմ ամերիկեան կառավարութեան ծրագիրներուն ու ռազմավարութեան վերաբերեալ «կարեւոր» յայտարարութիւն մը պիտի կատարուի:

«Ժահրը ոմանց նախատեսածէն աւելի արագ կը տարածուի», դիտել տուաւ Թրամփ:

Վարակիչ հիւանդութիւններու ամերիկեան կառավարութեան  աւագ մասնագէտ տոքթ. Անթընի Ֆոչի իր կարգին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ մահերուն թիւը կրնայ աւելի քան 100.000¬ի հասնիլ, իսկ վարակուածներունը` միլիոններու:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 143.055¬ի, իսկ մահացածներունը` 2504¬ի:

Մինչ այդ, Թրամփ Քոլոմպիա գաւառը, որուն մաս կը կազմէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընը, «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով աղէտի գօտի յայտարարեց: Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տէ Պլազիօ իր կարգին յայտնեց, որ քաղաքին մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը 32.308 է` աւելցնելով, որ ժահրի դէմ պայքարի անհրաժեշտ բժշկական միջոցներու պաշարը բաւարար է յաւելեալ մէկ շաբթուան համար:

«Այսօրուընէ սկսեալ` մենք մէկ շաբթուան բաւականաչափ պահեստ ունինք` բացառութեամբ թոքերու արհեստական օդափոխման սարքերուն: Շատ շուտով նուազագոյնը քանի մը հարիւր արհեստական շնչառական սարք անհրաժեշտ պիտի ըլլայ», յայտարարեց ան` աւելցնելով. «Մնացեալ պարագաները պիտի բաւարարեն մինչեւ միւս կիրակի: Ապրիլ 5¬ին ամէն տեսակի միջոցներու կարիք պիտի ունենանք, յատկապէս` արհեստական շնչառական սարքերու»:

Արժանթինի իշխանութիւնները իրենց կարգին Արժանթինի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար հաստատուած պարտադիր ընդհանուր մեկուսացումը երկարաձգեցին յաւելեալ երկու շաբաթով:

«Ժահրի տարածումը վերահսկողութեան տակ պահելը շարունակելու համար մասնագէտներու յանձնարարականին հիմամբ մեր որդեգրած որոշումը առողջապահական մեկուսացումը մինչեւ Ս. Զատիկի տօնը երկարաձգելն է», ըսաւ Արժանթինի նախագահ Ալպերթօ Ֆերնանտեզ` աւելցնելով, որ տեղի ունեցողը «պատերազմ է անտեսանելի բանակի մը դէմ, որ մեր վրայ կը յարձակի երբեմն մեր չնախատեսած տեղերէն»:

Սինկափուրի վարչապետ Լի Սիէն Լուն Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու կոչ ուղղեց` զերծ մնալու փոխադարձ մեղադրանքներէն եւ մնացեալ երկիրներուն հետ ջանքերը համատեղելու  «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ:

Ան «Սի.Էն.Էն.»¬ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նոյնիսկ ամէնէն բարենպաստ միջազգային մթնոլորտի մէջ դժուար է լուծել ներկայ խնդիրը: Եթէ Չինաստան եւ Միացեալ Նահանգներ շարունակեն փոխադարձ մեղադրանքները «Քորոնա»¬ին ի յայտ գալու եւ տարածման առնչուած, ապա այս ամէնը դժուար թէ օգնէ յառաջիկային խնդիրի յաղթահարման»:

Սինկափուրի վարչապետը ընդգծեց, որ բոլոր երկիրներուն անհրաժեշտ է համատեղել «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ջանքերը` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն եւ Փեքին պէտք է միանան ատոր:

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտնեց, որ 20.000 բժիշկներ թոշակէն վերադարձած են աշխատանքի, որպէսզի պայքարին «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ: «Շնորհակալ եմ բոլոր վերադարձողներուն, ատիկա շատ պատկառելի թիւ է: Բացի ատկէ, 750.000 կամաւոր արդէն արձանագրուած է այս ճգնաժամային իրավիճակին մէջ մեզի օգնելու համար», ըսաւ Ճոնսըն:

Ճոնսըն համաձայն չէ գտնուած Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Մարկարեթ Թաչըրի արտայայտած այն միտքին, որ «հասարակութիւն ըսուածը գոյութիւն չունի»:

«Մենք ատիկա պիտի ընենք, մենք ատիկա պիտի ընենք միասին: Ես կը կարծեմ, թէ միայն «Քորոնա» ժահրը արդէն հաստատած է, որ հասարակութիւն գոյութիւն ունի», ընդգծեց Բրիտանիոյ վարչապետը` քաղաքացիներուն դարձեալ կոչ ուղղելով մնալու տունը եւ նուազեցնելու ժահրի տարածման վտանգը:

Նշենք, որ Բրիտանիոյ մէջ «Քորոնա»¬ով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 19.522¬ի, իսկ մահերունը` 1284¬ի:

Չիլիի Պոլիվիոյ հետ սահմանին վրայ մնացած աւելի քան հարիւր պոլիվիացիներուն արգիլուեցաւ իրենց երկիր մուտք գործելը` «Քորոնա» ժահրի տարածումը վերահսկողութեան տակ պահելու համար:

Պոլիվիոյ պաշտպանութեան նախարար Լուիս Ֆեռնանտօ Լոփեզ այս առումով յայտնեց. «Կառավարութեան որոշումը այն է, որ ոչ ոք արտասահման կը մեկնի, եւ ոչ ոք մուտք կը գործէ: Արտասահման գտնուող պոլիվիացիները պէտք է գիտակցին, թէ պէտք է այդտեղ մնան, եւ մենք զիրենք տարհանելու համար թռիչքներ պիտի չկատարենք»:

Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթթին Քոջան ներկայացուց երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի առնչուած կացութեան վերջին տուեալները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի կայքը:

Քոջայի ներկայացուցած տուեալներուն համաձայն, վերջին 24 ժամուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 815 նոր պարագայ, 23 մարդ մահացած է, վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 9217¬ի, մահուան պարագաներու թիւը` 131¬ի:

Վերջին օրուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրէն առողջացած է 35 մարդ, ապաքինողներուն ընդհանուր թիւը հասած է 105¬ի:

Թրքական իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ ժահրին պատճառով 39 շրջաններ մեկուսացման ենթարկած են:

Մինչ այդ` Չինաստանի մէջ մարտ 28¬ին մեծ արդիւնաբերական գործարաններու 98,6 առ հարիւր վերականգնած է իր գործունէութիւնը` ապահովելով փետրուար 23¬ի համեմատութեամբ 15,5 առ հարիւրի աճ: Աշխատակիցներուն 70 առ հարիւրը վերադարձած է աշխատանքի: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Ճի.Թի.Էն.» կայքը:

Քանի մը առաջատար գործարաններու օգնութեամբ արագացուած է նաեւ շարք մը փոքր գործարաններու աշխատանքի վերսկսումը եւ արտադրութիւնը: Պողպատի եւ ելեկտրոնային արտադրութեան ոլորտին մէջ աշխատակիցներու 70 առ հարիւրը, իսկ հիւսուածեղէնի, մեքենաներու եւ թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի աշխատակիցներուն 90 առ հարիւրը եւս վերադարձած է աշխատանքի:

Չինաստանի Կեդրոնական դրամատունը «Քորոնա»¬ի համաճարակի հետեւանքներու դիմակայման համար չինական շուկային մէջ շրջանառութեան դրաւ 7 միլիառ տոլար:

Սպանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրին պատճառով արձանագրուեցան 812 նոր մահեր` ընդհանուր թիւը բարձրացնելով 7340¬ի` ինչ որ Իտալիայէն ետք աշխարհի վրայ մահերու երկրորդ բարձրագոյն թիւն է: Իտալիոյ մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը 85.195 է. առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երկրին մէջ առողջապահութեան մարզի 12.300 հազար աշխատակիցներ վարակուած են ժահրով:

Գերմանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 57.298¬ի, իսկ մահերունը` 455¬ի: Ռուսիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1836¬ի, իսկ մահերունը` 9¬ի: Մարոքի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 516¬ի, իսկ մահերուն` 27¬ի: Մալեզիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 156¬ի, իսկ մահերունը` 3¬ի: Հնդկաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1071¬ի, մահերունը` 29¬ի: Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 165¬ի, եւ արձանագրուեցաւ մահ մը: Ֆիլիփինի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1546¬ի, իսկ մահերունը` 78¬ի:

Թայլանտի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1524¬ի, Ինտոնեզիոյ մէջ` 1414¬ի, Արժանթինի մէջ` 820¬ի, Պաղեստինի մէջ` 109¬ի, Քուէյթի մէջ` 266¬ի, իսկ Սէուտական Արաբիոյ մէջ` 1453¬ի:

 

 

Նախորդը

Բացայայտ Նախայարձակո՞ւմ Թէ Իրավիճակը Սրելու Փորձ…

Յաջորդը

Սուրիան Քրէական Պատասխանատուութեան Պիտի Ենթարկէ Անօրինական Կերպով Երկիր Վերադարձած Քաղաքացիները

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?