Չինաստան դժգոհ է Միացեալ Նահանգներու` «Քորոնա» ժահրի տարածման մէջ Փեքինի մասնակցութեան վերաբերեալ դիրքորոշումէն եւ հաւանական կը նկատէ պատասխան պատժամիջոցներու կիրարկումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Կլոպըլ Թայմզ»¬ը:
Նախապէս հանրապետական Լինտսի Կրահամ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին օրինագիծ ներկայացուցած էր նոր «Քորոնա» ժահրի պատասխանատուութեան մասին, որ կ՛ենթադրէ պատժամիջոցներ Չինաստանի դէմ` «Քորոնա» ժահրի տարածման համար:
Օրինագիծը կ՛ենթադրէ, որ Չինաստան պէտք է վարակին վերաբերեալ ամբողջական զեկուցում տրամադրէ եւ փակէ այն բոլոր շուկաները, ուր վարակը կրնայ տարածուիլ անասուններու միջոցով:
Նշենք նաեւ, որ դեմոկրատական ծերակուտականները չեն աջակցիր այս օրինագիծին: