Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլովենիա Պաշտօնապէս Յայտարարեց Երկրին Մէջ Համաճարակի Աւարտը` Դառնալով Այդ Քայլը Առնող Եւրոպական Առաջին Երկիրը

Մայիս 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սլովենիոյ կառավարութիւնը երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի աւարտը յայտարարեց` այդպիսով դառնալով եւրոպական առաջին երկիրը, որ այլ քայլը կ՛առնէ:

Անցնող երկու շաբաթներուն երկրին մէջ օրական նուազ քան 7 վարակումներ կ՛արձանագրուէին:

Կառավարութիւնը, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, նշեց, որ Եւրոպական Միութենէն Սլովենիա այցելողները այլեւս ստիպուած չեն առնուազն եօթը օր մեկուսացման մէջ մնալու, ինչպէս նախապէս` ապրիլ ամիսէն ի վեր անոնցմէ կը պահանջուէր` աւելցնելով, որ օտարահպատակներուն, որոնց վրայ «Քորոնա»-ի ախտանշաններ կ՛երեւին, երկիր մուտքը պիտի արգիլուի:

Նշենք, որ Իտալիոյ, Աւստրիոյ, Հունգարիոյ եւ Խրուաթիոյ սահմանակից Սլովենիոյ մէջ մինչեւ հիմա արձանագրուած է վարակման 1464 եւ մահուան 103 պարագայ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով յաւելեալ երեք միլիոն մարդ կառավարութեան դիմում ներկայացուցած է` գործազրկութեան նպաստ ստանալու. այդպիսով երկրին մէջ գործազուրկներու ընդհանուր թիւը հասաւ 36 միլիոնի: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն»-ը:

Բրիտանական օրաթերթը կը մանրամասնէ, որ Աշխատանքի եւ զբաղուածութեան հարցերու նախարարութեան տուեալները ի յայտ կը բերեն, թէ օգնութեան համար ներկայացուած դիմումները հետզհետէ կը նուազին, սակայն աշխատանքային կրճատումներու իբրեւ հետեւանքով ստեղծուած է իրավիճակ մը, որ աննախադէպ է 1930 թուականի Մեծ ճգնաժամէն ի վեր:

Համաճարակին իբրեւ հետեւանք գործազուրկներուն թիւը ապրիլին կը հասնէր 26 միլիոնի:

Օրաթերթը կը նշէ, որ աշխատանքային շուկաները ամբողջ աշխարհի տարածքին վնաս կը կրեն: Ըստ ՄԱԿ-ի նախատեսութիւններուն, ընթացիկ տարուան երկրորդ եռամսեակին 195 միլիոն աշխատատեղիի կորուստ պիտի արձանագրուի:

Այս տարուան ընթացքին ամբողջ աշխարհի վրայ գործազրկութեան մակարդակը կտրուկ կերպով պիտի բարձրանայ: Մեկուսացման եւ արտակարգ դրութեան պատճառով պիտի վնասուի համաշխարհային աշխատուժի 81 առ հարիւրը` շուրջ 2,7 միլիառ մարդ:

Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 1635 եւ մահուան 55 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 144.749-ի, իսկ մահացածներունը` 4007-ի: Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 20.869 եւ մահուան 1701 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1.384.930-ի, իսկ մահացածներունը` 83.947-ի: Վրաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 4 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 671-ի, իսկ մահացածներուն կը շարունակէ մնալ 12:

Քուէյթի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 885 եւ մահուան 8 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 12.860-ի, իսկ մահացածներունը` 96-ի: Քոլոմպիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 680 եւ մահուան 16 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 13.610-ի, իսկ մահացածներունը` 525-ի: Պրազիլի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 13.944 եւ մահուան 844 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 202.918-ի, իսկ մահացածներունը` 13.933-ի:

 

Նախորդը

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Լիովին Կը Զօրակցին Ազրպէյճանի Գերիշխանութեան Եւ Անկախութեան»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարի Համար Սուրիոյ Կը Տրամադրեն 31 Միլիոն Տոլար

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?