Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Եւ Սթոլթենպերկ Քննարկած Են Լիպիոյ, Սուրիոյ Եւ «Քորոնա»¬Ի Հարցերը

May 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Օթան Պատրաստ Է Օգնելու Լիպիոյ Պաշտպանութեան
Եւ Ապահովական Կառոյցներու Կառուցման

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի կայքը:

Հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են շրջանային հարցեր` յատկապէս անդրադառնալով Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ խօսած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակի հարցով ծրագրուող քայլերու մասին:

ՕԹԱՆ-ի հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ կողմերը քննարկած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով ստեղծուած իրավիճակն ու Լիպիոյ հարցը:

Սթոլթենպերկ խօսակցութեան ընթացքին կարեւոր նկատած է դժուար իրավիճակներու մէջ միացեալ աշխատանքը եւ ընդգծած, որ ՕԹԱՆ պիտի շարունակէ բոլոր ջանքերը ներդրել դաշնակիցներու, ներառեալ նաեւ Թուրքիոյ հետ «Քորոնա» ժահրի դէմ միացեալ պայքարի մէջ յաջողութեան հասնելու համար:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը Լիպիոյ հարցով անգամ մը եւս կոչ ուղղած է` հետեւելու Լիպիոյ տարածք զէնք մատակարարելու արգելքին եւ ընդգծած, որ ՕԹԱՆ-ը կը զօրակցի հակամարտութեան քաղաքական լուծման:

«ՕԹԱՆ կը պահպանէ Լիպիոյ վերաբերեալ իր հաւասարակշռուած դիրքորոշումը եւ պատրաստ է այդ երկրին օգնելու` ստեղծելու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան կառոյցները` հիմնուելով Լիպիոյ համաձայնական կառավարութեան Ֆայեզ Սարաժի դիմումին վրայ», յայտնեց Սթոլթենպերկ` նշելով. «ՕԹԱՆ Լիպիոյ օժանդակութիւնը պիտի տրամադրէ` յարգելով երկրին մէջ քաղաքական ու անվտանգութեան կացութիւնը եւ ՄԱԿ-ի ու Եւրոպական Միութեան հետ համակարգումով»:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը իր կարգին հաղորդեց, որ Էրտողան եւ Սթոլթենպերկ քննարկած են «Քորոնա»-ի դէմ պայքարը եւ «շրջանային հարցեր` առաջին հերթին Սուրիոյ եւ Լիպիոյ հարցերը»:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Չինաստանէն Կիպրոս Օժանդակութիւն Փոխադրող Օդանաւը Յարմար Պահու Դիմում Չներկայացուց Մեր Օդային Տարածքը Օգտագործելու» Կ՛ըսէ Աքսոյ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.