Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա»-ն Ո՛չ Միայն Մարդոց Ֆիզիքական Առողջութիւնը Կը Հարուածէ, Այլ Նաեւ Ժխտական Անդրադարձ Կ՛ունենայ Անոնց Հոգեկան Կացութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Կութիերես

Մայիս 15, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիու Կութիերես երկիրներու կառավարութիւններուն կոչ ուղղեց հոգեբանական օգնութիւն տրամադրելու «Քորոնա» ժահրէն ամէնէն շատ վտանգուած խումբերուն, ներառեալ բժիշկներուն, երիտասարդներուն եւ տարեց մարդոց:

«Առաւելագոյն վտանգուած խումբերուն կը պատկանին պայքարի առաջին գիծի վրայ աշխատող բժշկական մարզի աշխատողները, ինչպէս նաեւ տարեցները, դեռահասները եւ երիտասարդները, նախապէս հոգեկան առողջութեան խանգարումներ ունեցող անձեր, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք յայտնուած են ճգնաժամի կիզակէտին մէջ: Մենք պէտք է օգնենք եւ աջակցինք անոնց», ըսաւ Կութիերես:

Անոր համաձայն, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ համաճարակը վերահսկողութեան տակ պիտի ըլլայ, վիշտը, մտահոգութիւնը եւ ընկճախտը պիտի շարունակեն ազդել մարդոց եւ ընկերային խումբերու վրայ:

«Ես կառավարութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան, առողջապահութեան մարմիններուն եւ այլ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ` շտապ միաւորելու այս համաճարակի հոգեկան առողջութեան հարցը քննարկելու համար», ընդգծեց ան:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը տեսաուղերձի ընթացքին նշեց.«Քորոնա»-ի համաճարակը ո՛չ միայն մարդոց ֆիզիքական առողջութիւնը կը հարուածէ, այլ նաեւ ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ անոնց հոգեկան կացութեան վրայ»:

Եւրոպական յանձնաժողովը կոչ ուղղեց` վերադառնալու Եւրոպայի մէջ ազատ տեղաշարժման դրութեան եւ այդպիսով գոնէ որոշ չափով փրկելու ամառնային զբօսաշրջութեան եղանակը: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Ճամբորդողներուն համար պարտադիր պիտի ըլլայ օդանաւերուն մէջ դիմակ կրել եւ գնացքներուն մէջ ընկերային հեռաւորութիւնը պահել:

Նոյն ատեն յանձնաժողովը խնդրեց գոնէ մէկ տարիով կտրօններ տրամադրել ջնջուած թռիչքներու եւ ամրագրումներու համար: Այդպիսով, մարդիկ կարելիութիւն պիտի ունենան իրենց արձակուրդը անցընել աւելի ուշ, իսկ սնանկացման եզրին կանգնած օդանաւային ընկերութիւններն ու զբօսաշրջական ընկերութիւնները ստիպուած պիտի չըլլան գումարը վերադարձնել:

Պուլկարիոյ կառավարութիւնը որոշեց երկրին մէջ առողջապահական արտակարգ դրութիւնը երկարաձգել մինչեւ 14 յունիս: Նշենք, որ Պուլկարիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 3-ով եւ հասաւ 2069-ի: Երկրին մէջ մահացածներուն թիւը 96 է: Ամերիկեան իշխանութիւնները իրենց կարգին յայտարարեցին, որ կ՛երկարաձգեն մայրաքաղաք Ուաշինկթընի եւ անոր արուարձաններուն մէջ փակումը: Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 21.467 եւ մահուան 1426 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1.364.061-ի, իսկ մահացածներունը` 82.246-ի:

Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 639 եւ մահուան 58 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 143.114-ի, իսկ մահացածներունը` 3952-ի: Իրանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 1808 եւ մահուան 71 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 114.533-ի, իսկ մահացածներունը` 6854-ի: Ուքրանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 402 եւ մահուան 14 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 16.425-ի, իսկ մահացածներունը` 439-ի: Չինաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման միայն երեք պարագայ, իսկ մահացածներուն թիւը մնաց անփոփոխ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 82.929-ի:

Աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 4.429.969 է, իսկ մահացածներունը` 298.180:

Նախորդը

Չինաստան Մտադիր Է Պատասխան Պատժամիջոցներ Հաստատել Միացեալ Նահանգներու Պաշտօնատարներու Դէմ

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Մէջ Ամերիկեան Ներկայացուցչութիւն.«Իրան Կը Շարունակէ Եմէնի, Սուրիոյ, Լիբանանի Եւ Իրաքի Մէջ Իր Գործակատարները Զինել»

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?